Modern Website Header
Website Header with Working Banner

2023-ի ռազմավարական հեռանկարներ

2023 Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը դրոշմուած են Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու գոյապայքարի նոր հանգրուանով։ 2020-ի պարտութենէն երկու տարի ետք միայն, Հայաստան եւ Արցախ կրցան ձեռք բերել Ազերիներու յարձակումներուն, Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի ճնշումներուն եւ խարդաւանքներուն դիմակայելու յանդգնութիւնը։ Երկու դաժանագին տարիներ էին, Ազերպայճանի արիւնարբու, գազանաբարոյ ախորժակներուն ենթարկուած, որոնց կ՚ընկերանար «փրկարար»-ի հանգամանքով՝ Ռուսաստանի մեղսակցութիւնը եւ Արեւմուտքի՝ Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի հետ տնտեսական եւ ռազմավարական շահերէ բխող երկչոտ յայտարարութիւններն ու նախաձեռնութիւնները։ Այս բարդ իրավիճակին մէջ, Հայաստանի դիւանագիտութեան, քաղաքական ղեկավարութեան եւ ռազմական ուժերուն կ՚իյնար Հայաստանի ներքին կայունութիւնը ապահովելով, դիմակայել դուրսի վտանգներուն։ Այս ընթացքին, շատ սահմանափակ եղաւ դերակատարութիւնը Սփիւռքին, նոյնքան բեւեռացած, որքան Հայաստանի ներքաղաքական դաշտը։

Հայաստանի շուրջ միջազգային քաղաքական դիրքորոշումը փոխուեցաւ Ազերպայճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ Սեպտեմբեր 13-ի յարձակումէն ետք, որուն Հայաստանի զինեալ ուժերը դիմակայեցին մէկ օրուան ընթացքին 300 զոհ տալով։ Այս պահէն հիմքը կը դրուի Հայաստանի ինքնիշխանութեան պաշտպանութեան համար տարուած առաջին յաղթանակին։ Միջազգային հանրութիւնը եւս պատեհ առիթը գտաւ Հայաստանին թիկունք կանգնելու. ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարար Պլինքընի անմիջական միջամտութեամբ եւ Եւրոպական Միութեան պահանջով Ազերիները կասեցուցին իրենց յարձակումը եւ յանձնեցին ռազմագերիները։ ՀԱՊԿ եւ Ռուսաստան, որոնք Հայաստանի ռազմական օգնութեան պարտաւորութիւնն ունէին, չկատարելով իրենց դաշնակցային պարտաւորութիւնները, Հայաստանի քաղաքական դասուն առիթ տուին որ կոտրեն ռուսական կողմէն պարտադրուած Ռուսաստան-Հայաստան-Ազերպայճան բանակցութեան եռակողմ սեղմօղակը, որ կը գործէր ի վնաս հայկական շահերուն։ Օգտուելով ուքրաինական պատերազմին ստեղծած ռազմաքաղաքական նոր իրավիճակէն, Հայաստան անհրաժեշտ նկատեց միջազգային մշտադիտարկման ուժեր հրաւիրել Հայաստան-Ազերպայճան սահմանին, Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի ազդու միջամտութեամբ, զսպելու համար Ազերիներու յարձակողական ախորժակը եւ հաւասարակշռելու համար ռուսական ազդեցութիւնը։

Արցախը Հայաստանին կապող միջանցքի խափանումը ազերի «բնապահ»-ներու կողմէ, պատասխան մըն էր, հակազդեցութիւն՝ Սիւնիքի միջանցքը զինեալ միջոցներով գրաւելու անկարողութեան։ Միջանցքի անարգել երթեւեկութիւնը ապահովելու ռուս «խաղաղապահ»-ներու դժկամութիւնը նաեւ պատասխան մըն էր ՀԱՊԿ-ի վերջին վեհաժողովի յայտարարութիւնը ստորագրելու Հայաստանի մերժումին։ 

Արցախի իշխանութիւններու անզիջող դիրքորոշումը՝ ազերի «բնապահ»-ներու պահանջները մերժելով եւ Ռուբէն Վարդանեանը իբրեւ Պետական նախարար պահելով, ինքնիշխանութեան հաստատման երկրորդ կարեւոր քայլն էր, այս անգամ Արցախի Հանրապետութեան համար։

Արցախի միջանցքի խափանումը առիթ տուաւ Դեկտեմբեր 20-ին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի քննարկումին, ուր բոլոր մասնակից երկիրները դատապարտեցին փակումը, բացի Ռուսաստանէն, որ նախընտրեց խօսիլ իրավիճակը հանգուցալուծելու համար իր գործադրած ջանքերուն մասին։ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Մհեր Մարգարեան կոչ ըրաւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին Բերձորի միջանցքին տեղակայելու փաստահաւաք առաքելութիւն, տեղւոյն վրայ մարդասիրական իրավիճակը գնահատելու համար։

Յստակ է որ վերջին շրջանին Հայաստանի դիւանագիտութիւնը կը ջանայ տարածաշրջան հրաւիրել միջազգային դէտեր Ազերպայճանի պարտադրած անհանդուրժելի զինեալ յարձակումներուն եւ Ռուսաստանի անգործութեան առաջքն առնելու համար։ Իսկ Ռուսաստան, հակառակ միջազգային ասպարէզի վրայ իր տկարացած դիրքին, կը փորձէ պահպանել 9 Նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեամբ իրեն վիճակած երաշխաւորի դերը։ Եւրոպական Միութիւնը ընդառաջելով Հայաստանի պահանջին, տարածաշրջան ղրկած է, յատուկ Հարաւային Կովկասի համար, մշտական դիտարկում կատարող ուսումնասիրութեան խումբ մը, որ կախեալ պիտի չըլլայ Վրաստան տեղակայուած յանձնախումբէն։

Ժ.Չ. ■