ԱՄՆ-ու 60 խորհրդարանականներ նամակով մը ԱԳ նախարար Մարքօ Ռուպիոյին կոչ ուղղած են դադրեցնելու ռազմական օժանդակութիւնը Ազերպայճանին

Միացեալ Նահանգներու վաթսուն խորհրդարանականներ նամակով մը կոչ ուղղած են Արտաքին գործոց նախարար (ԱԳ) Մարքօ Ռուպիոյին՝ կիրարկելու «Ազատութեան» աջակցութեան օրէնքի 907-րդ յօդուածը, պահանջելով անյապաղ դադրեցնել ԱՄՆ-ու ռազմական օժանդակութիւնը Ազերպայճանին, նշելով Պաքուի կողմէ Արցախի 120.000 բնիկ հայ քրիստոնեայ բնակչութեան ցեղային մաքրագործումը, ինքնիշխան հայկական տարածքներու բռնագրաւումը, ինչպէս նաեւ հայ գերիներու ապօրինի ձերբակալութիւնն ու բռնութիւնները։

Խորհրդարանականներ Մայք Լոլըր, Ֆրանք Փալոն, Կուս Պիլիրաքիս եւ Կեյպ Ամօ գլխաւորած են երկկուսակցական նամակը՝ ուղղուած Ռուպիոյին։

Օրէնսդիրները նամակին մէջ նշած են. «Ազերպայճանի շարունակուող յարձակումներուն, հայ ռազմագերիներու նկատմամբ իրականացուող բռնութիւններուն, հայկական քրիստոնէական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու՝  իրենց տունը անվտանգ վերադառնալու իրաւունքի ժխտման ենթախորքին՝ Ազերպայյճանի նկատմամ բպատասխանատւութեան բացակայութիւնը ոչ միայն կը բնականոնացնէ անորգործողութիւնները, այլեւ կը խրախուսէ ԱՄՆու մրցակիցները, որոնք կը ձգտին օգտուիլ Ուաշինկթընի անգործութենէն»։