40-ամեակ՝ Վենետիկի Հայ լեզուի ու մշակոյթի ամառնային խտացեալ դասընթաքներու

ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ 

Այս տարի կը լրանայ քառասնամեակը Վենետիկի Հայ լեզուի ու մշակոյթի ամառնային խտացեալ դասընթացքներուն, կազմակերպուած՝ ամէն տարի Օգոստոս ամսուն Պո-Արաքս մշակութային միութեան կողմէ, սկսեալ 1986-ի Օգոստոսէն, նախ՝ Քա Ֆոսկարի համալսարանին հովանաւորութեամբ մինչեւ 2015 եւ ապա՝ Վենետիկի Պատրիարքութեան Մարչանում հիմնարկին ասպնջականութեամբ։ 

2025-ի Ամառնային խտացեալ դասընթացքի օրերուն պիտի կատարուի ակադեմական ոգեկոչումը անցեալ երեսուն եւ ինը դասընթացքներուն (2020-ին Գովիտի բերմամբ տեղի չէ ունեցած)։ 14 Օգոստոսին իբրեւ գլխաւոր բանախօս պիտի ունենանք Օքսֆորտէն փրոֆ. Թէո Ֆան Լինթը, անգլերէն լեզուով, իսկ 16 Օգոստոսին՝ Երեւանէն փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեանը, հայերէն։ Մաէսթրո Արամ Իփէքճեանի դուդուկի նուագը պիտի ընկերակցի հանդիսութիւններուն։ 

Սիրով կը հրաւիրուին մասնակցելու Պո-Արաքսի բոլոր բարեկամներն ու համակիրները, Դասընթացքի նախկին սաներն ու գործակիցները եւ Հայ լեզուն ու մշակոյթը սիրող բոլորը։ 

Դիւան Պո-Արաքս մշակութային միութեան 

Վենետիկ, 30 Յուլիս 2025

Խմբագրական