44-օրեայ պատերազմի հինգերորդ տարելիցը

Սեպտեմբեր 27-ին կը լրանար 44-օրեայ պատերազմի հինգերորդ տարելիցը։ 2020 Սեպտեմբեր 27-ի վաղ առաւօտեան՝ ժամը 07.10-ին, Ազերպայճան յարձակում սկսաւ Արցախի շփման գիծի ամբողջ երկայնքին, ինչպէս նաեւ հայազերպայճանական սահմանի որոշ հատուածներուն մէջ։

Պատերազմի առաջին ժամերէն օգտագործուեցան ծանր հրետանի, անօդաչու սարքեր եւ օդուժ։ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ յայտարարուեցաւ ռազմական դրութիւն եւ ընդհանուր զօրահաւաք։

Քառասունչորս օր անընդմէջ ընթացան ծանր մարտեր։ Երեք անգամ փորձ կատարուեցաւ դադրեցնելու պատերազմը, սակայն ապարդիւն համաձայնութիւնները չէին յարգուիր եւ ազերպայճանական բանակը կը շարունակէր գրոհները։

Ազերպայճան գրեթէ ամբողջութեամբ վերահսկողութեան տակ առաւ Արցախը՝ հասնելով մինչեւ Շուշի։ Միայն նոյեմբեր 9-էն 10-ի գիշերը, Ռուսաստանի նախագահի միջնորդութեամբ ստորագրուեցաւ եռակողմ յայտարարութիւն եւ վերջ գտան ռազմական գործողութիւնները։ Արցախի մէջ հաստատուեցաւ ռուս խաղաղապահ զօրախումբ, որ ինչպէս ծանօթ է, ո՛չ յաջողեցաւ արգելք հանդիսանալ արցախահայութեան պարտադրուած՝ ազերպայճանական  շուրջ 10-ամսեայ անմարդկային շրջափակման, ո՛չ ալ բազմադարեայ հայկական այդ հողերէն՝ անոր հարազատ հայ բնակչութեան տարագրութեան։ 

Պատերազմի հետեւանքով հայկական կողմը ըստ պաշտօնական տուեալներու՝ կորսնցուց 3830 կեանք, որոնց 3752-ը զինուորներ ու զինուորականներ էին, 78-ը՝ խաղաղ քաղաքացիներ։ Ցայսօր կը շարունակէ անյայտ մնալ 195 հոգիի ճակատագիրը։

Այսպէսով, Սեպտեմբեր 27-ը դարձաւ հայոց նորագոյն պատմութեան ամենաողբերգական էջերէն մէկուն սկիզբը։

Եկեղեցականներու, խորհրդարանական ընդդիմութեան ու Արցախի իշխանութեան ներկայացուցիչներու այցը Եռաբլուր

Սեպտեմբեր 27-ին, մարդոց հոսքը ամբողջ օրը չէ դադրած դէպի «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն, յարգանքի տուրք մատուցելու բիւրաւոր նահատակներու յաւերժ յիշատակին։

«Եռաբլուր» այցելած են նաեւ եկեղեցականներ, խորհրդարանական ընդդիմութեան ու Արցախի իշխանութեան ներկայացուցիչներ, ինչպէս՝ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան, «Հայաստան» խմբակցութեան երեսփոխաններ գլխաւորութեամբ՝ իրենց ղեկավար Սեյրան Օհանեանի, Արցախի վերջին նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան, Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Դանիէլեան, Արցախի Պետական նախարար Նժդեհ Իսկանդարեան, Արցախի Ազգային ժողովի երեսփոխաններ եւ այլք։ Անոնք ծաղիկներ զետեղած են «Արցախի կանչ» յուշակոթողին առջեւ։

Հոս կարեւոր է նշել, որ Հայաստանի իշխանութեան ոչ մէկ ներկայացուցիչ Սեպտեմբեր 27-ին պաշտօնապէս այցելած է Եռաբլուր։ Սա անընդունելի եւ անարդարանալի կեցուածք է հանդէպ հայրենիքին համար իրենց կեանքը զոհաբերած հերոսներու յիշատակին։ Իսկ եթէ այդ բացակայութիւնը հետեւանք էր որեւէ «խուսափում»-ի որեւէ հանգամանքով, պարտէին առնուազն յայտարարութեամբ մը հանրութեան իմացնել իրենց բացակայութեան շարժառիթը, ինչ որ,– որքան գիտենք,– զլացուածէ։

Ո՛չ ալ կարելի է ըսել, որ թուականի «մեկնաբանութեան» հարց կայ հոս, քանի որ վարչապետը Դիմագիրքի իր էջին գրառում մը կատարած է այս տարելիցին առթիւ։ «Փառք նահատակներին եւ կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը»,– գրած է ան, գրառման կցելով նկար մը։ Ա՛յսքան միայն։ Եւ այս գրառումն ալ ինքնին քննարկման արժանի երեւոյթ է, քանի որ «պարտականութիւն» մը նուազագոյն ճիգով կամ կամքով կատարելու տպաւորութիւն կը գործէ։

Իսկ եթէ գտնուին մտածողներ, թէ թերեւս Ազերպայճանի հետ «մերձեցման» ներկայի փուլն է այսպէս թելադրողը, անմիջապէս նշենք, թէ այդ հանգամանքը բացարձակապէս արգելք չէ հանդիսացած, որ Ալիեւ նոյն օրը՝ Սեպտեմբեր 27-ին յարգէ իրենց շեհիտներուն (նահատակներուն) յիշատակը: Ան այցելած է 44-օրեայէն յետոյ կառուցուած Կեանջայի յուշահամալիր, ուր ծաղկեպսակ զետեղած է։ Այդ յուշահամալիրի նպատակն է յիշեցնել «Կեանջայի դէպքերը» եւ «Հայաստանի տարածքէն՝ հայկական բանակի հրթիռային հարուածները»: 

Շիրակի մարզին մէջ յարգանքի տուրք մատուցուած է 44-օրեայ պատերազմի զոհերու յիշատակին

Սեպտեմբեր 27-ին, Շիրակի մարզին մէջ յարգանքի տուրք մատուցուած է հայրենիքին համար իրենց կեանքը զոհաբերած հերոսներու յիշատակին։ 

Շիրակի մարզպետ Դաւիթ Առուշանեանի գլխաւորութեամբ մարզպետարանի աշխատակազմի պատասխանատուները, համայնքներու ղեկավարները, ուժային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, զինուորականներ, ինչպէս նաեւ Երկրապահ կամաւորականներու միութեան անդամներ այցելած են Գիւմրիի «Ազատամարտիկներու պանթէոն»։ Այցելուները ծաղկեպսակներ ու ծաղիկներ զետեղած են անմահացած ազատամարտիկներու շիրիմներուն, խնկարկած ու յարգանքի տուրք մատուցած են անոնց յիշատակին։ 

Հինգ տարի է անցել 44-օրեայ մղձաւանջից, բայց մեր յիշողութիւնները չեն խամրել։ Մեր հերոսները կռուել են հայրենիքի համար, այս հող ու ջրի համար, Հայաստանի Հանրապետութեան յարատեւութեան համար, խաղաղութեան համար։ Մենք դարերով շատ թանկ գին ենք վճարել խաղաղութիւն ունենալու համար, երկիր ունենալու համար, Հայաստանի անկախ, ինքնիշխան Հանրապետութիւն ունենալու համար եւ ամէն անգամ այստեղ գալիս՝ պէտք է յիշենք՝ ինչի՛ համար մեր տղաներն ամենաթանկը՝ կեանքն ու արիւնը տուեցին, ուրեմն ո՛վ ենք մենք, որ մեր քրտինքն ու ջանքերն ափսոսանք մեր երկրի համար։ Մեզ պէտք է խաղաղութիւն, որին այժմ մենք հասել ենք եւ կա՛մք բոլորիս, որ զարգացնենք մեր հայրենիքն ու առաջ տանենք մեր երկիրը դէպի յաւերժութիւն,–լրագրողներու հետ զրոյցին նշած է Շիրակի մարզպետ Դաւիթ Առուշանեան։

Ցաւը՝ պէտք է հարցնել սիրտը արիւնողներուն

«Եռաբլուր»-էն տամուկ աչքերով.

Հարիւրապետ Արսէն Յարութիւնեանի մայրը հինգ տարի է, որ այլեւս չի կանչեր իր որդին, այլ՝ ձեռքին վրայ դաջած է՝ «Արսէն Բալաս»։

Այստեղ գլխիկոր մտնում եմ, գլխիկոր դուրս գալիս, որ չկարողացանք պահել հողը, կը նշէ ան:

Սեւակ Զաքարեանի որդին ընդամէնը 18 տարեկան էր եւ ընդամէնը 12 օրուան զինուոր, երբ պայթեցաւ 44-օրեայ պատերազմը։ Հայրը հայեացքը կը պտտցնէ ծածանող դրօշներու տակ ժպտացող հազարաւոր դէմքերու վրայ ու հարց կու տայ՝ ինչո՞ւ։

Վրէժ Աւետիսեանի մայրը խաղաղութեան յոյս ունի, բայց ոչ իրեն համար. կ՚ըսէ՝ իրեն ու իր բախտակիցներուն համար պատերազմը պիտի չաւարտի. Եթէ մենք զոհ ունենք, ուրեմն պատերազմը չի վերջացել, չի վերջանում մեր համար, չգիտեմ ում համար կը վերջանայ, բայց մեր համար չի վերջանում։

Սումկայիթէն Պաքու հարս գացած, յետոյ բռնագաղթածի կարգավիճակով Արցախ հասած, հիմա ալ դարձեալ բռնագաղթեալ դարձած Լուսիա Յարութիւնեան իր միակ որդւոյն կորուստէն յետոյ չի պատկերացներ խաղաղ դրացնութիւն։

Բարձր ամպիոններէ, իրմէ շա՜տ հեռու հնչած ոչ մէկ ելոյթ լսած է Օլիա Մկրտչեան։ Թոռնիկն է նահատակ Արամը, փեսան ալ Ստեփանակերտի մէջ յուղարկաւորած են։ Տուն կ՚ուզէ Արամի տատիկը, կու լայ երեխայի պէս։

***

Իշխանութիւնը կը ծրագրէ շուտով ներկայացնել օրէնքի նախագիծ մը, որ կը նախատեսէ բոլոր պատերազմներու բոլոր զոհերու յիշատակի օր հռչակել Յունուար 27-ը՝ Բանակի տօնի նախօրեակին, բայց ընդդիմութիւնը դէմ է։ Դէմ է նաեւ Արցախի նախկին Պետական նախարար, իրաւապաշտպան Արտակ Բեգլարեան, որ կը թելադրէ որպէս թուական ընտրել Սեպտեմբեր 27-ը՝ երբ սկսաւ 44-օրեայ աղէտը, կամ Սեպտեմբեր 19-ը՝ Արցախի անկման սկիզբը։

Խորհուրդ կը տամ նոյն Ռուբէն Ռուբինեանին ու Գեղամ Նազարեանին եւ ընդդիմութեանն էլ, ի դէպ, որ Սեպտեմբերի 19-ը կամ Սեպտեմբերի 27-ը յայտարարեն Արցախի ժողովրդի ցեղասպանութեան ու հայրենազրկման օր։ Եթէ ցեղասպանութիւնը իրենց դուր չի գալիս, վիճարկում են, ապա՝ ցեղային զտում,– նշած է ան։

Ետին՝ գտնուին, թէ չգտնուին քաղաքական կամ այլ նրբութիւններ ու հաշիւներ, վերջապէս սա ընդամէնը կը մնայ արարողակարգային հարց եւ կասկածելի է, թէ որեւէ բան փոխէ նահատակներու հարազատներու մորմոքէն։ Բայց, ասոր կողքին, կարելի՛ է նուազագոյնը. օրինակ՝ «Եռաբլուր»-ի վարի մասի շիրիմներուն առաջնորդող ճամբան կարիքն ունի կպրապատման։ Ընդհանրապէս արդէն իրենց հաւասարակշռութիւնը դժուար պահպանողներու համար ա՛լ աւելի դժուար կ՚ըլլայ հաւասարակշռութիւն պահպանելը քարքարուտ ճամբուն վրայ։ Այս մասին արդէն խնդրանք ներկայացուած է բաւական ժամանակէ ի վեր։