6 միլիոն տոլար պետական ամավարկէն՝ Ճենիֆեր Լոփէզի համերգին

 

37 հազար տոլար՝ անոր երկօրեայ սնունդին, 185 հազար տոլար՝ պանդոկներու ծախսերուն

Երգչուհին Օգոստոս 2-ին հասած է Երեւան

Ճենիֆեր Լոփէզի երեւանեան համերգէն միայն երկու օր առաջ յայտնի եղած է, որ երեկոյթին կազմակերպման գումարը տրամադրուած է Հայաստանի պետական ամավարկէն։

Յուլիս 31-ին գումարուած կառավարութեան նիստին որոշում կայացուած է ամերիկացի ռեփըր Սնուփ Տոկի՝ 2023-ին ջնջուած համերգին համար նախատեսուած 6 միլիոն տոլարը ուղղել Ճենիֆեր Լոփէզի երեւանեան համերգին կազմակերպման։ Հարկ է նշել, թէ ցարդ ո՛չ մէկ տեղ, ո՛չ մէկ գովազդի մէջ, ո՛չ մէկ պաստառի վրայ նշուած էր, որ կառավարութիւնն ու «Տոփինկ Սփէյս» (Doping Space) ընկերութիւնը Լոփէզի համաշխարհային շրջագայութեան շրջանակին մէջ տեղի ունենալիք այս համերգին հովանաւորն ու կազմակերպիչն են։

Բացի ատկէ, երգչուհիին համերգին կազմակերպման նախահաշիւին մէջ կան տասնեակ հազարաւոր տոլարի ծախքեր։ Այսպէս՝ 37 հազար տոլար՝ Ճենիֆեր Լոփէզի երկու օրուան սնունդին, 15 հազար տոլար՝ համերգը արտադրողներուն համար եւ այլն։

Կառավարութեան որոշումէն յայտնի դարձած է, որ Լոփէզին պիտի վճարուուի 1 միլիառ դրամ՝ աւելի քան 2,5 միլիոն տոլար։

Այս կապակցութեամբ Երեւանի փոխքաղաքապետ Արմէն Փամբուխչեան Օգոստոս 2-ին Դիմագիրքի իր էջին գրած է հետեւեալը.

«Ճենիֆեր Լոփէզի համերգին միջին հաշուով 15.000 օտարերկրացիներ պիտի մասնակցին: Եթէ հաշուենք զբօսաշրջիկի մը միջին ծախսերը՝ տոմսակին գինը, կեցութիւնը, սնունդը եւ այլն, ըսել է անոնցմէ իւրաքանչիւրը նուազագոյնը 500 տոլար պիտի ձգէ մեր տնտեսութեան մէջ, առանց խօսելու մեր երկրին համբաւին եւ միջազգային ճանաչումին մասին, որ ինքնին անգնահատելի է։

Այսպէս, եթէ գումարենք հիւրերուն թիւը եւ միջին ծախսը, ապա կրնանք ըսել, որ մեր կառավարութեան կողմէ 7 միլիոն տոլարի յատկացումը ամբողջովին արդարացուած է»:

Նշենք, թէ երգչուհին Օգոստոս 2-ին հասած է Երեւան՝ յաջորդ օրուան համերգի նախօրեակին, որ տեղի պիտի ունենայ «Վազգէն Սարգսեան» մարզադաշտին վրայ։

Խմբագրական