6-7-րդ դարերուն վերագրուող եկեղեցի մը յայտնաբերուած է Կեչառիսի վանական համալիրի տարածքին մէջ

Ծաղկաձորի յայտնի Կեչառիսի վանական համալիրի տարածքին մէջ նոր եկեղեցի մը յայտնաբերուած է։ Ոչ մէկուն մտքէն կ՚անցնէր, որ այս տարածքին մէջ շատ դարեր առաջ այլ կառոյց գոյութիւն ունեցած է, եւ այն ալ՝ սրբատեղի մը… ցայժմ պատմական տեղեկութիւններ ալ չեն գտնուած այս մասին։

Վարդանեան եւ Մկրտչեան ընտանիքներու մեկենասութեամբ սկսած բարեկարգման աշխատանքներու ընթացքին, պարապ երեւցող խոտածածկ տարածքին մէջ բանուորները պատահաբար երկու տապանաքար բացած են, եւ այդ քայլը դարձած է հնագիտական մեծ ու իւրայատուկ բացայայտման մը սկիզբը։ Գործի անցած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի հնագիտական արշաւախումբը, սկսած են ստուգողական պեղումներ։ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ շրջակայքը յայտնաբերուած է 100-է աւելի տապանաքարեր, ապա՝ հիասքանչ, տուֆակերտ եկեղեցին։ Նախնական գնահատումով՝ կառոյցը մեզի հասած է 6-7-րդ դարերէն։ Այնպէս կը կարծուի, որ վանական համալիրը այստեղէն սկիզբ առած է։

Հնագիտական արշաւախումբի ղեկավար Յարութիւն Բադալեանի համաձայն՝ կառոյցը եզակի է․ վաղ միջնադարուն քառախորան, կեդրոնագմբէթ յօրինուածքով, խաչաձեւ եկեղեցիներ Հայաստանի մէջ քանի մը հատ եղած են, սակայն անոնք չափերով փոքր են։

“Սա խիստ կը տարբերի միւսներէն․ չափերով աւելի մեծ է, հարաւային եւ հիւսիսային կողմերը ունի աւանդատուներ, ակնյայտօրէն եզակի է։ Արդէն լոյսին բերուած են 160-170 սմ. բարձրութեամբ պատերը, սալայատակը, աւանդատուները, չորս խորանները, ինչպէս նաեւ աւագ խորանը՝ բեմով։ Ունեցած է 3 կողմերէ մուտք, որոնցմէ երկուքը հետագային փակուած են”,– նշած է Բադալեան։

Հնագիտական արշաւախումբի ղեկավար Յարութիւն Բադալեան

Ե՞րբ եւ ի՞նչ պատճառներով եկեղեցին աւերուած է՝ հնագէտները դեռ միայն ենթադրութիւններ ունին։ Կրնայ, օրինակ, երկրաշարժի կամ ալ ճարտարապետաշինարարական չափանիշերուն յարգուած չըլլալուն հետեւանքով ըլլալ, բայց կը կարծեն՝ բաւական շուտ աւերուած է։ Բադալեանի համաձայն՝ 12-13-րդ դարերուն եկեղեցւոյ շուրջն ու ներսը կատարուած են որոշ աշխատանքներ, շինարարական միջամտութիւններ, այդ կարգին՝ տնտեսական կառոյցներ կցուած են։ Հիմա տեղւոյն վրայ հնագէտներուն հետ կ՚աշխատի վիմագրագէտը՝ վերծանելու համար տապանաքարերու, եկեղեցւոյ քարերուն վրայ պահպանուած արձանագրութիւնները։

Հնագիտական արշաւախումբի անդամ, հնագէտ Տիգրան Ալեքսանեան չի բացառեր, որ միջնադարեան գերեզմանոցը աւելի ընդարձակ եղած է եւ տարածուած է նաեւ ներկայի ճանապարհին տակ։ Կեչառիսի համալիրին մաս կը կազմէ նաեւ ճանապարհին միւս կողմը՝ բլուրին վրայ գտնուող Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին։ Այսինքն՝ այս ամբողջ տարածքը կը կազմէ ընդհանուր համալիր մը, որ կտրատուած է ճանապարհի շինարարական աշխատանքներու հետեւանքով։

Հնագիտական արշաւախումբի անդամ, հնագէտ Տիգրան Ալեքսանեան

“Սա կը փոխէ մեր պատկերացումները Կեչառիսի վանական համալիրին մասին։ Ըստ տեղեկութիւններու՝ վանքը հիմնադրուած է 11-րդ դարուն, փաստօրէն աւելի կանուխ այդ վայրին մէջ գոյութիւն ունեցած սրբավայրին տեղը։ Նորայայտ եկեղեցին ամբողջ համալիրի տարածքին գոնէ մինչեւ օրս փաստագրուած ամենահին եկեղեցական կառոյցն է”,– նշած է ան։

Ըստ Ալեքսանեանի՝ տարածքէն յայտնաբերուած են նաեւ մեծ թիւով խեցեղէն, մետաղի գտածոներ եւ այլն, որոնք արդէն տեղափոխուած են աշխատանոց՝ ուսումնասիրելու եւ վերականգնելու համար։

“Այս ամէնը անսպասելի էր. Պատմիչները այս մասին տեղեկութիւն չեն տար. պրպտումները կը շարունակուին, նաեւ արխիւները պէտք է ուսումնասիրուին”,– նշած են հնագէտները։

Կ՚ըսուի, որ տեղացիներն ալ ապշած են․ գրեթէ ամէն օր խումբ-խումբ կու գան, կը հիանան եւ կը զարմանան, թէ ինչպէս կրնան ամբողջ կեանք մը ապրած ըլլալ վայրի մը մէջ ու պատկերացում չունենալ, թէ թաքնուած ի՛նչ գաղտնիքներ կան մարգագետիններուն տակ։

Սեպտեմբերին սկսած հնագիտական աշխատանքները շուտով պիտի աւարտին, բայց խօսքը, անշուշտ, այս տարուան աշխատանքներուն մասին է։ Նորայայտ եկեղեցին ժամանակաւոր ծածկի տակ պիտի առնուի՝ տեղումներէ եւ հաւանական փլուզումներէ պաշտպանելու համար։ Գալ տարի աշխատանքները պիտի շարունակուին՝ անկասկած նոր ու անակնկալ բացայայտումներով։