Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Լեհ փաստաբան Թոմաշ Լեխ Պուչեք անդրադարձած է հայ ռազմագերիներու գնդակահարութեան տեսանիւթին

 

Լեհ փաստաբան Թոմաշ Լեխ Պուչեք անդրադառնալով ազերպայճանական զինեալներու բարբարոսական արարքները ցուցադրող տեսանիւթին, «Թուիթրը»-ի իր  հաշիւին գրած է.-

«Ստացած եմ ապացոյցներ Ազերպայճանի գործած պատերազմական ոճիրներու մասին։ Տեսանիւթը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս ազերպայճանցի զինուորները կը գնդակահարեն հայ ռազմագերիները։ Այս տեսանիւթը նկարահանուած է Սեպտեմբերին՝ Ազերպայճանի կողմէ Հայաստանի սահմաններու խախտումի ժամանակ»։