«Նոր Յառաջ» – Ինչո՞ւ այս նախաձեռնութիւնը եւ ինչպէ՞ս ծագեցաւ «Armenopole» հարթակը ստեղծելու միտքը։
Յակոբ Թալաթինեան – «Armenopole»-ը ձեւով մը ստեղծուեցաւ ընկերային կեանքի աշխուժացման նպատակով, նոր հանդիպումները ներկայացնելու, գեղարուեստական ու մշակութային նախաձեռնութիւններու մասին տեղեկութիւնը հանրութեան հասցնելու նպատակով: Գործի բերումով յաճախ կը ճամբորդեմ եւ կը փորձեմ ձեւով մը մօտենալ, ծանօթանալ հայկականութեան հետ առնչուած ամէն ինչի: 2017-ին, երբ 10 օրով Նիւ Եորք գացած էի, այցելեցի երկու եկեղեցիները, կը փափաքէի ընդլայնել ծանօթութիւններս՝ շաբաթաթերթերու արձանագրուելով, ձեռնարկներու ներկայ ըլլալով, բայց չկրցայ: Վերջին օրն էր, պարտէզի մը քովէն կ՚անցնէի, ուր հետաքրքրական բացօթեայ համերգ մը տեղի կ՚ունենար: Մի քանի վայրկեան դիտելէ ետք, ուղղուեցայ պանդոկս, ուրկէ ալ օդակայան: Համացանցի վրայ վերջին աչք մը նետելով օրուան անցուդարձին, տեղեկացայ, որ նոյն համերգին ընթացքին դաշնամուր նուագողներէն մէկը հայ էր, որուն շուրջ հաւաքուած էին հայ երիտասարդներ: Ձեւով մը յուսախաբութիւն ապրեցայ եւ այդ եօթը ժամուան թռիչքի ընթացքին, անընդհատ այս նիւթին մասին կը մտածէի՝ «Ինչպէ՞ս եղաւ, որ չկրցայ այդ համերգին ներկայ ըլլալ, հակառակ անոր որ՝ քանի մը վայրկեան առաջ կամ ետք հոն էի»: Սկսայ պրպտել նման տեղեկութիւններ տարածող կայքէջեր, տեսայ որ տեղային, համայնքային մակարդակով կարելի է գտնել նման հարթակներ, սակայն համաշխարհային մակարդակով՝ գոյութիւն չունին: Հետեւաբար մտածեցինք լրացնել այս բացը: Սկսանք աշխատանքի եւ 2018 Ապրիլին սկսաւ գործել կայքէջը, առանց շատ ծանուցումի: Ապրիլի շրջանին պատահեցաւ, որովհետեւ Ապրիլ 24-ի ոգեկոչման ձեռնարկներ կան եւ կարեւոր է աշխարհի մէջ տեսանելի ըլլալը որեւէ հայ համայնքի համար: Մի քանի օր ետք էր, առտուան ժամը վեցին, կը տեղադրէի ոգեկոչման ձեռնարկները, երբ նկատեցի՝ կայքէջին արձանագրուեցաւ այցելու մը, զետեղեց իր ձեռնարկին մանրամասնութիւնները եւ դուրս ելաւ: Մաթիէօ Զէյթունճիօղլուն էր տեղադրողը, կայքէջի առաջին օգտատէրը:
«ՆՅ» – Շատ հետաքրքրական է ձեր զրկանքը նախաձեռնութեան մը վերածելու մտայղացումը։ Եկէք ձեզի ծանօթանանք այս առիթով՝ ո՞վ է Յակոբ Թալաթինեանը եւ ի՞նչ պատրաստուածութիւն ունի նման ծրագիր մը իրականացնելու համար։
Յ.Թ. – Ծնած եմ Լիբանան, յաճախած եմ Մեսրոպեան վարժարանը, ապա անցած եմ Սէն Ժոզէֆ, ուր software engineering-ի մասնագիտութիւն ստացած եմ, միեւնոյն ատեն երաժշտութեան ոլորտին մէջ փորձած զարգանալ՝ նախ Համազգայինի երաժշտական կաճառը, ապա Լիբանանի երաժշտանոցը յաճախելով որպէս ջութակահար: Փորձած եմ նաեւ համեստ մասնակցութիւնս բերել միութենական կեանքին, ըլլայ Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Համալսարանական Միութեան մէջ, ըլլայ Ֆրանսայի Ս. Խաչ Միութեան եւ այլն: Հետեւաբար ձեւով մը կրցայ ծանօթանալ միութենական եւ արուեստագիտական կեանքին եւ տեսնել մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները: Այս միջավայրին մէջ եղած դժուարութիւնները բաւական բարդ են մասնաւորապէս հաղորդակցութեան պակասի պատճառով:
Համաշխարհային հարթակ մը, վերջերս, ուսումնասիրութիւն մը հրապարակած էր, ըստ որուն՝ մարդ արարածը 2.000-3.000 առեւտրական եւ այլ նամակ կը ստանայ օրական, այս նամակներուն մէջէն հայկականը գտնելը բաւական դժուար է: Շատեր ըսին՝ Ֆէյսպուքով հարցը կը լուծուի, այսօր ա՛յդ ալ դժուար է, Ֆէյսպուքը վճարումով կ՚ընէ այդ մէկը: Այսինքն այդ հարթակները օրէ-օր կը զարգանան, կը փոխուին, հետեւաբար մենք պէտք ունինք այսպիսի կարեւոր, նպատակասլաց հարթակի մը, որ կրնայ մեզի օգնել եւ մասնաւորապէս հասանելի դառնալ հայ երիտասարդին, ուր որ ըլլայ: Դժբախտաբար, մենք աւելի մեծ մարտահրաւէր մը ունինք հասնելու մեր համայնքներուն. Ֆրանսայի մէջ ունինք 600.000-800.000 հայ, Ամերիկայի մէջ՝ 1.000.000-էն աւելի եւ որոշ երկիրներու մէջ քանի մը հազար հայ, որոնք տարածուած են շատ մը շրջաններու մէջ: Այս բոլոր հայերուն ձեռնարկի մը լուրը հասցնելը բաւական դժուար գործ մըն է եւ հետզհետէ կը դժուարանայ ներկայ արհեստական բանականութեան զարգացումներուն զուգահեռ: Պէտք է ճիշդ ձեւը գտնել այս նորարարութիւնը ի նպաստ մեզի օգտագործելու:
«ՆՅ» – Այս հարթակը ստեղծելու ժամանակ ի՞նչ դժուարութիւններու հանդիպեցաք, մանաւանդ տնտեսական առումով: Ինչքա՞ն նիւթական ներդրում կը պահանջէ եւ ինչպէ՞ս կը գնահատէք արդիւնքը:
Յ.Թ. – Հիմնական դժուարութիւնը ժամանակը գտնելն է: Այս հարթակը մեր միջոցներով ստեղծեցինք. հիմնական ծրագրաւորողը ես եմ, եղբայրս՝ Համբիկ Թալաթինեան կ՚օժանդակէ, բջջային յաւելուածը՝ Նարեկ Թալաթինեանը պատրաստեց, կինս՝ Լիլիթ Վարդանեան-Թալաթինեան կ՚օգնէ ձեռնարկներու վերատեսութեան ու հաղորդակցութեան առումով: Փոքր խումբ մըն ենք, սիրողաբար կ՚աշխատինք մեր միջոցներուն համաձայն: Միջոցներու ուսումնասիրութիւն մը ըրինք եւ սկսանք աշխատանքի, որովհետեւ տեսանք, թէ բան մըն է, որ պէ՛տք է համայնքներուն՝ Ֆրանսա, Ամերիկա, Գանատա եւ ընդհանրապէս սփիւռքի համայնքներուն:
«ՆՅ» – Ինչպիսի՞ ընդունելութիւն գտաւ օգտատէրերուն կողմէ, միջին հաշուով քանի՞ օգտատէր ունիք։
Յ.Թ. – «Armenopole»-ը հարթակ մըն է, որ քանի մը ձեւով կարելի է օգտագործել, օրինակ՝ կայքէջը այցելելով, այսօր կայքէջը ունի տարեկան 98.000 այցելու, օրական՝ մօտ 270: Կայքէջը նաեւ ունի շաբաթական լրատու, իւրաքանչիւր երկրի համար կը հրապարակենք շաբաթական լրատու մը, որ կ՚ընդգրկէ տուեալ երկրին ձեռնարկները: Այդ լրատուները ունին 22.000 հետեւող, 7.000-ը Ֆրանսայէն, ապա Ամերիկայէն, Գանատայէն, Աւստրալիայէն եւ այլ երկիրներէ: Կայքէջը ունի 2000 աշխոյժ օգտատէրեր, որոնք կը ծանուցեն իրենց ձեռնարկները: Ունինք բջջային յաւելուածը, որ մօտ 1000 օգտագործող ունի: Ունինք նաեւ ընկերային ցանցերը՝ Ֆէյսպուք, ինսթակրամ, լինքտին եւ թուիթըր: Նաեւ կ՚աշխատինք մեր գործակիցներուն՝ «Երամ»-ին, «Պելկահայ Ռատիօ»-ին եւ վերջերս՝ «Նոր Յառաջ»-ին հետ:
«ՆՅ» – Ինչպէ՞ս կարելի է ձեռնարկի մը յայտարարութիւնը տեղադրել։
Յ.Թ. – Շատ պարզ է, հին մեթոտներու կարիքը չկայ, ինքնասպասարկումով կարելի է: Կայքէջին մէջ հաշիւ մը կը ստեղծէք շատ պարզ տուեալներով, ապա կրնաք զետեղել ձեր ձեռնարկները: Նախքան սփռումը, մենք վերատեսութեան կ՚ենթարկենք եւ կը սփռենք մեր կայքէջով, բջջային յաւելուածով, շաբաթական լրատուով, ընկերային ցանցերով եւ մեր գործընկերներու կայքէջերուն վրայ: Եթէ ձեռնարկին թուականը փոխուեցաւ կամ վայրը փոխուեցաւ, կրնաք նոյնպէս ինքնասպասարկումով ուղղել նոյն տեղադրումին մէջ, կրնաք նաեւ հետեւիլ ձեռնարկի տեսանելիութեան քանակին, կամ արձանագրութեան դրութիւն մը ստեղծել, ուրկէ կարելի ըլլայ ճշդել ձեռնարկի եկողներուն թիւը, իսկ եթէ ձեռնարկը տոմսով է, կրնաք տոմսի վաճառման յղումն ալ տեղադրել, ուրկէ կարենան այցելուները տոմսեր ապահովել: Շատ աւելի դիւրին է, քան այլ հարթակներ, քանի որ MVP-ի (Minimum Viable Product) յղացքով կազմած ենք կայքէջը, այսինքն փորձած ենք զետեղել միայն այն ինչ որ պէտք է մեր օգտատէրերուն. շատ չուզեցինք բարդացնել: Տեղադրումէն ետք ամէն ինչ մեքենայական ձեւով կ՚ընթանայ:
«ՆՅ» – Քանի որ հարթակը կը վերաբերի սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող տարբեր ձեռնարկներու, ո՞ր երկիրներէն աւելի յայտարարութիւններ կան, ընդհանուր պատկեր մը կրնա՞ք տալ։
Յ.Թ. – Հիմնականօրէն՝ Ֆրանսա, Ամերիկա եւ Գանատա, ուր տեղի կ՚ունենան մեծ թիւով ձեռնարկներ, ապա Պելճիքա, Անգլիա, Զուիցերիա, Աւստրալիա, Լիբանան եւ Հայաստան, Արցախն ալ կար, ուր հետաքրքրական, աշխուժ ձեռնարկներ տեղի կ՚ունենային: Կայքէջը համաշխարհային է, ձեւով մը հայելի մըն է մեզի համար, ուր կրնանք տեսնել մեր ապրած երկրին մէջ մեր մշակութային կեանքը: Ներշնչուեցայ Scaled Agile Framework methodology-էն. գիտէք, այդտեղ շատ ձեռնարկներ կան, անոնց գաղափարն է՝ տեսանելի դարձնել խմբային աշխատանքները եւ ուժ ստանալ, ու ներշնչուիլ, աւելի լաւը ընելու համար: Մտածեցի, նոյն բանը կարելի է ընել հայկական մշակութային կեանքին համար. երբ մենք ունենանք այդ հայելին՝ ան կրնայ մեզի ուժ տալ: Կայքէջը այդ մտածելակերպով հիմնած ենք, որ կարենաք տեսնել՝ Ֆրանսայի մէջ ի՞նչ կ՚ըլլայ, Ամերիկայի մէջ՝ ի՞նչ եւ այլն: Հոս կրնամ նշել կարեւոր կէտ մը Հայաստանի ձեռնարկներուն մասին, քանի մեր հարթակը տարածուած է սփիւռքահայութեան մէջ, կրնայ աւելի հետաքրքրական ըլլալ Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներուն, ծանօթանալու իրենց այցելութեան ընթացքին հոն տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն: Այսպէսով, հետաքրքրական կապ մը կարելի է ստեղծել Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ:
«ՆՅ» – Միջին առումով ամսական քանի՞ ձեռնարկ կը ծանուցուի։
Յ.Թ. – Եթէ 2018-ի Ապրիլէն սկսեալ նայինք, 8.500 ձեռնարկ զետեղուած է մեր հարթակին վրայ: Անշուշտ ձեռնարկները կ՚արխիւացուին մեքենայականօրէն, երբ թուականը անցնի: Այսօր եթէ այցելէք կայքէջը, կը գտնէք աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ կայանալիք, մօտ 270 ձեռնարկ:
«ՆՅ» – Որո՞նք են ձեր ապագայ ծրագրերն ու մարտահրաւէրները։
Յ.Թ. – Հարթակը ժամանակի ընթացքին բնական աճ մը ունեցած է, երբեմն հետաքրքրական ծրագրեր մշակած ենք կարգ մը արուեստագէտներու հետ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն, որպէսզի իրենց աշխատանքը աւելի ճանաչելի դարձնենք հանրութեան: Կ՚աշխատինք հարթակը աւելի հասանելի դարձնելու փոքր հայ համայնքներուն եւս, ինչպէս՝ Արժանթինի, Եգիպտոսի, Պուլկարիոյ հայ համայնքներուն, որպէսզի իրենք եւս տեղեակ ըլլան իրադարձութիւններէն եւ մե՛նք՝ իրենց մասին: Զարգացման մշտական աշխատանք կայ AI-ի (արհեստական բանականութեան) օգտագործումով եւ վերջերս մեր օգտատէրերուն համար դիւրացումներու վրայ կ՚աշխատինք, որովհետեւ ամէն մարդ չի գիտեր արդի միջոցները օգտագործել, ինչպէս նաեւ մեր գործընկերներուն հետ կ՚աշխատինք, որ աւելի հասանելի դառնան մեր հարթակի ձեռնարկները տարբեր հարթակներով:
«ՆՅ».- Այսօր «Armenopole»-ը եւ «Նոր Յառաջ»-ը կը համագործակցին։ Ինչո՞ւ։
Յ.Թ. – Մեզի համար շատ յատկանշական է այդ համագործակցութիւնը, որովհետեւ «Նոր Յառաջ»-ը երկար տարիներու պատմութիւն ունի հայկական աշխարհի մասին տեղեկատուական հարթակ եղած է եւ կը փորձէ միշտ յառաջդիմել եւ այս առումով շատ հետաքրքրական աշխատանք կը տանի: «Armenopole»-ը հարթակ մըն է, որ աւելի նորարարական ու մասնագիտական ձեւերով ձեռնարկներ կը տարածէ: Ինծի համար հետաքրքրական է որ կրցանք ճամբայ մը գտնել միասին աշխատելու: Մենք ունինք գործընկերներ «Երամ»-ը, «Պելկահայ Ռատիօ»-ն, որոնց հետ կը համագործակցինք API-ով. նոյն համագործակցութիւնը աւելի արդիականացած ձեւով ըրինք «Նոր Յառաջ»-ի հետ: Այսօր Ֆրանսայի մէջ ձեռնարկները, որ «Armenopole»-ով յայտարարուած են, մեքենայականօրէն կը տեղադրուին «Նոր Յառաջ»-ի կայքէջին մէջ: Հոս քիչ մը անդին անցնելով API-էն, ստեղծեցինք ուղղակի WordPress Plugin մը, որ ուղղակի՝ զետեղուող ձեռնարկները հասանելի կը դարձնէ կայքէջին մէջ: Այս օրինակը տեսնելով շատ մը կայքէջեր խրախուսուեցան, ուզեցին նաեւ նոյն plugin-ը ունենալ, անշուշտ ամենայն սիրով կը տրամադրենք, բայց առաջինը եղաւ «Նոր Յառաջ»-ը եւ մեզի համար շատ կարեւոր համագործակցութիւն մըն է այս մէկը:
Հարցազրոյցը վարեց՝
ՎԱՀԱՆ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ ■
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։