Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՊՐԻՒՍԷԼ Հանդիսաւոր ընդունելութեամբ նշուած է ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի 20-ամեակը

ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի հիմնադրութեան 20-ամեակին առիթով Նոյեմբեր 9-ին Պրիւսէլի մէջ տեղի ունեցած է հանդիսաւոր ընդունելութիւն, մասնակցութեամբ՝ ՀՅԴ բիւրոյի ներկայացուցիչ, Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի, Պելճիքայի թագաւորութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանուհի, Եւրոպական Միութեան մէջ Հայաստանի ներկայացուցչութեան ղեկավար Աննա Աղաջանեանի, Հիւսիսատլանտեան պայմանագրի կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի առաքելութեան ղեկավար Արման Իսրայէլեանի, Եւրոպական խորհրդարանի բոլոր հիմնական քաղաքական խումբերէն մեծ թիւով երեսփոխաններու, Պելճիքայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու, Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբի գործընկերներու եւ բարեկամներու:

Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան բացման իր խօսքին մէջ ողջունած է ներկաները՝ բարձր գնահատելով Եւրոպայի յանձնախումբին ջանքերը եւ արժեւորելով մասնակիցներուն գործունէութիւնը՝ հայկական երկու պետութիւններու եւ հայ ժողովուրդին զորավիգ կանգնելուն համար: Ան հակիրճ կերպով ներկայացուցած է Հայ դատի խորհուրդի համաշխարհային ցանցը, անոր առաքելութիւնը եւ յետպատերազմական ժամանակաշրջանի գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններն ու ձեռքբերումները:

Իր կարգին, Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան ողջունած է ներկաները՝ գնահատելով անոնց ջանքերը ի նպաստ Հայ դատին,  մասնաւորապէս՝ Արցախի ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունքին, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ պահանջատիրութեան պայքարին: Ան յատկապէս շեշտած է, թէ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը կը մերժէ որեւէ փասթաթուղթ կամ իրողութիւն, որ կ՚ոտնահարէ հայ ժողովուրդի, մասնաւորապէս Արցախի ժողովուրդի ազատ ապրելու եւ ինքնորոշուելու իրաւունքը:

Դեսպանուհի Աննա Աղաջանեան ելոյթ ունենալով շնորհաւորած է ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակի հիմնադրութեան տարեդարձը՝ անցեալ 20 տարիներու ընթացքին արձանագրած յաջողութիւններուն համար, գնահատելով դեսպանատան եւ յանձնախումբին միջեւ արդիւնաւէտ ու ջերմ համագործակցութիւնը:

Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի նախագահ Լուքաս Ֆուրլաս, Խորհրդարանի՝ Արցախի հետ բարեկամութեան խումբի համանախագահներ՝ Սիլվի Կիոմ և Ֆրանսուա Ալֆոնսի նոյնպէս ելոյթ ունեցած եւ շնորհաւորած են Գրասենեակին 20-ամեակը, արժեւորած անոր գործունէութիւնը, բարձր գնահատելով սերտ եւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը։ Անոնք պատրաստակամութիւն յայտնած են Արցախի եւ Հայաստանի կողքին ըլլալու եւ յանուն արդարութեան ու հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն պայքարը շարունակելու իրենց յանձնառութիւնը:

Հայ ժողովուրդի շահերու պաշտպանութեան գործին իրենց նուիրումը վերահաստատած են նաեւ Արցախի հետ Պելճիքայի ֆրանսախօս եւ ֆլամանախօս բարեկամական խումբերու ղեկավարներ Անտրէ տիւ Պիւս տը Վարնաֆէ եւ Քառլ Վանլուվ, ինչպէս նաև Պելճիքայի Ֆլաման խորհրդարանի երեսփոխան Ալեսիա Գլես։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակ

2022 Նոյեմբեր 11