Հոկտեմբեր 26-ին երեք անծանօթներ ներխուժելով Շիրազի (Ֆարս նահանգ) Շահ-Չերաղ մզկիթը, կրակ բացած էին հաւատացեալներու վրայ։ Վերջին տուեալներով՝ յարձակման զոհ գացած է 15 հոգի, 27 հոգի ալ վիրաւորուած է։
Նոյեմբեր 7-ին, Իրանի Հետախուզութեան նախարարութիւնը հաղորդած է, թէ վերոնշեալ ահաբեկչութիւնը նախապատրաստած է Ազերպայճանի քաղաքացի մը։
«Իրանի մէջ ահաբեկչական խմբաւորման գործողութիւններու հիմնական կազմակերպիչը եւ համակարգողը Ազերպայճանի քաղաքացի մըն է, որ Թեհրան հասնելուն պէս կապ հաստատած է Աֆղանիստանի “Տահեշ”-ի ներկայացուցիչներուն հետ եւ տեղեկացուցած, թէ ինք Իրան կը գտնուի։ Մզկիթի ահաբեկչութիւնը կազմակերպած խումբին մաս կազմած են նաեւ Աֆղանիստանի եւ Տաճիկստանի քաղաքացիներ»,– նշուած է այս առթիւ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ։
Նոյն աղբիւրին համաձայն՝ Շահ-Չերաղի մզկիթին վրայ յարձակման կազմակերպման մասնակցելու կասկածանքով ընդհանուր առմամբ ձերբակալուած է 26 հոգի։ Անոնք բոլորը Ազերպայճանի, Տաճիկստանի եւ Աֆղանիստանի քաղաքացիներ են։ ■