«Les Rues de Lyon»-ի նոր թիւը նուիրուած է հայկական յիշողութեան եւ Լիոնի հայերուն

Լիոնի պատմութիւնը պատկերապատումներու միջոցաւ ներկայացնող «Les Rues de Lyon» («Լիոնի փողոցները») ամսաթերթը Դեկտեմբեր 2025-ին լոյս ընծայած է իր 132-րդ թիւը՝ «Mémoires d’Arménie» («Հայաստանի յիշողութիւններ») խորագրով։

Այս թիւը կը պատմէ 1915-ի Ցեղասպանութենէն ետք հայ ժողովուրդի բռնի աքսորին եւ դէպի Ֆրանսա գաղթին մասին։ Ռոնի հովիտը եւ Լիոնի շրջանը դարձան այն հանգրուաններէն մէկը, ուր հայկական սփիւռքը վերապրեցաւ եւ բարգաւաճեցաւ։

Գործին նիւթին հեղինակներն են Վիրժինի Օլանիէ-Ժուվրէ եւ Գլօտիուս Թիզի, իսկ գծագրութիւններն ու գունաւորումը կատարած է Ֆրան։ Հրատարակիչն է «L’Épicerie Séquentielle»-ը։

Պատմութիւնը կը սկսի Անթոնէն-Փոնսէ հրապարակի Ցեղասպանութեան յուշակոթողէն։ Այնուհետեւ հեղինակները կը կեդրոնանան Լիոնի մէջ հետք ձգած քանի մը ականաւոր հայերու վրայ.

Նափոլէոն Պիւլլիւքեան. Շինարարութեան եւ անշարժ գոյքի ոլորտին մէջ հարստութիւն կուտակած գործարար, որ միեւնոյն ժամանակ եղած է գեղանկարչութեան մեծ հաւաքորդ եւ քաղցկեղի դէմ պայքարի հետազօտութիւններու ֆինանսաւորող։

Ճիպրայէլ Պահատուրեան. Սկսելով փոքր նպարատունէ մը, ուր կը վաճառուէին արեւելեան եւ միջերկրականեան համեմներ ու մթերքներ, ան հիմնեց ցանց մը, որ այսօր ալ Լիոնի մէջ յայտնի է իբրեւ նրբահամ ուտեստեղէնի կեդրոն։

Թէեւ տասը էջը բաւարար չէ ամբողջական պատմութիւնը ներկայացնելու համար, սակայն այս գործը գեղեցիկ պատկերազարդումներով հետաքրքրական եւ յուզիչ ակնարկ մը կը նետէ հայկական ներկայութեան վրայ՝ յաջողութեամբ եզրափակելով ամսաթերթին տարին։