Middle East Eye-ի համաձայն՝ Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ Հայաստան եւ Ազերպայճան կը ստորագրեն փոխըմբռնման յուշագիր մը

Մինչ ի տարբերութիւն ազերպայճանական լրասփիւռներուն՝ Պաքու լռութիւն կը պահպանէ, իսկ Երեւան կը գոհանայ միայն վարչապետին Ուաշինկթըն այցելութեան մասին տեղեկութիւնը ո՛չ հերքելով, ո՛չ հաստատելով, օտար երկիրներու լրագրողները կը շարունակեն մանրամասնութիւններ հրապարակել Սպիտակ Տան մէջ Օգոստոս 8-ին սպասուող հանդիպումէն:

Մերձաւորարեւելեան զարգացումները լուսաբանող Middle East Eye կայքի թրքական բաժնի մեկնաբան Ռակըփ Սոյլու՝ յղում ընելով հարցին ծանօթ տարածաշրջանային աղբիւրներուն կը հաղորդէ, թէ Օգոստոս 8-ին Հայաստանի եւ Ազերպայճանի ղեկավարները Սպիտակ տան մէջ պիտի ստորագեն փոխըմբռնման յուշագիր մը՝ յանձնառու դառնալով ձգտիլ խաղաղութեան:

Անգարա աշխատող լրագրողին աղբիւրները աւելցուցած են, թէ երկու ղեկավարները պիտի ստորագրեն ոչ թէ խաղաղութեան պայմանագրին նախագիծը, այլ այսպէս կոչուած «մտադրութիւններու մասին փաստաթուղթ մը», որ ԱՄՆ-ու նախագահ Թրամփին պիտի ապահովէ դիւանագիտական ձեռքբերում, որուն վերջինս կը ձգտի անցեալ ամսուընէ ի վեր:

***

Միւս կողմէ, «Bloomberg»-ի  լրագրողի մը համաձայն՝ նախագահ Թրամփ Ուրբաթ օր կը նախատեսէ առանձին հանդիպումներ ունենալ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանի եւ Ազերպայճանի նախագահ Ալիեւի հետ։

Հանդիպումներէն յետոյ ԱՄՆ-ու նախագահը հանդէս պիտի գայ համատեղ յայտարարութեամբ՝ Փաշինեանի ու Ալիեւի մասնակցութեամբ։

Խմբագրական