Ամերիկեան New York Times օրաթերթի՝ գինիի նշանաւոր քննադատ Էրիք Ասիմով յօդուած մը հրապարակած է քիչ ծանօթ խաղողի տասը տեսակներու մասին, որոնք արժանի են աւելի լայն տարածում գտնելու: Այդ ցանկին մէջ ներառուած է նաեւ հայկական «Արենի» տեսակի խաղողը:
Ասիմով գրած է, թէ ընդհանրապէս շատեր Կովկասը կը համարեն գինիի օրրաններէն մէկը: Բայց հակառակ անոր որ այդ տարածաշրջանին մէջ կան խաղողի տասնեակ տեսակներ, սակայն անոնց մէջ յատկապէս կ՚առանձնանայ հայկական «Արենի»-ն: «Այս կարմիր խաղողը ես քանի մը անգամ փորձած եմ, եւ ամէն անգամ հիացած՝ անոր համով»,– ընդգծած է ան: