Վարչապետ Փաշինեանի կարճատեւ այցը Իրան

Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ ստորագրուած է բնական կազի բնագաւառին մէջ համագործակցութեան վերաբերեալ փոխըմբռնման յուշագիր մը

Նոյեմբեր 1-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կարճատև աշխատանքային այցելութեամբ ժամանած է Իրան: Թեհրանի միջազգային օդակայանին մէջ վարչապետը դիմաւորած է Իրանի փոխնախագահ Մասուտ Միր Քազեմի:

Այնուհետեւ վարչապետը ուղեւորուած է Սաատապատ պալատը, ուր զինք ողջունած է նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի:

Մինչ բանակցութիւններ սկսիլը` Հայաստանի Տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարար Գնէլ Սանոսեան եւ Իրանի Քարիւղի փոխնախարար, Կազի ազգային ընկերութեան տնօրէն Մաճիտ Չեկենի ստորագրած են բնական կազի բնագաւառին մէջ համագործակցութեան վերաբերեալ փոխըմբռնման յուշագիր մը:

Նախ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Իրանի առաջնորդներու նեղ, ապա ընդլայնուած կազմով հանդիպումը: Զրուցակիցները քննարկած են հայ-իրանական յարաբերութիւններու զարգացմանն առնչուող շարք մը հարցեր: Կողմերը մասնաւորապէս անդրադարձած են առեւտրատնտեսական կապերու ընդլայնման, առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներու շարունակական յաւելման կարելիութիւններուն: Ընդգծուած է այդ ծաւալները տարեկան 3 միլիառ տոլարի հասցնելու անհրաժեշտութիւնը:

Երկու առաջնորդները քննարկած են նաեւ ենթակառոյցներու զարգացման, ուժանիւթի, գիւղատնտեսութեան, շինարարութեան եւ այլ բնագաւառներու համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: Ընդգծուած է բեռնափոխադրումներու դիւրացման համար միատեղ ծրագրերու իրագործումը, Հայաստան-Իրան երրորդ ելեկտրահաղորդման գիծի շինարարութիւնը աւարտին հասցնելու անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպումէն ետք կայացած է մամլոյ ասուլիս մը:

Իպրահիմ Ռայիսի յայտնած է, թէ Կովկասեան տարածաշրջանը Իրանի պատմական անցեալի մշակութային եւ քաղաքակրթութեան մէկ մասն է, եւ իրենք շատ զգայուն են այդ տարածաշրջանին նկատմամբ, ուր անվտանգութեան եւ խաղաղութեան հաստատումը շատ մեծ կարեւորութիւն ունի Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան համար: “Պարոն Փաշինեանի հետ մեր ունեցած բանակցութիւններուն յանգեցանք այն եզրակացութեան, որ տարածաշրջանի հարցերը, խնդիրները պէտք է անպայման տարածաշրջանի երկիրներու պատասխանատուներու միջոցով լուծումներ գտնեն: Օտար ուժերու ներկայութիւնը ոչ միայն որեւէ խնդիր պիտի չլուծէ, այլեւ խնդիրները պիտի աւելցնէ»,– ըսած է նախագահ Ռայիսի։

Իր կարգին վարչապետ Փաշինեան յայտնած է, թէ Հայաստան կ՚արձանագրէ եւ կը գնահատէ Իրանի սկզբունքային դիրքորոշումները՝ տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման առումով: “Ես պարոն Ռայիսիին տեղեկութիւններ հաղորդեցի Սոչիի եռակողմ հանդիպման մասին եւ բաժնեցի իմ տպաւորութիւնները տարածաշրջանին մէջ կայունութիւն եւ խաղաղութիւն հաստատելու օրակարգին եւ ընթացիկ գործընթացներու շուրջ: Կարեւոր կը նկատենք, որ մեր իրանցի գործընկերները տեղեակ ըլլան, թէ ի՛նչ տեղի կ՚ունենայ Հայաստան-Ազերպայճան, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու եւ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի կարգաւորման համածիրին մէջ”,– ըսած է վարչապետը։