Փարիզի մէջ հանդիպում կ՚ունենան Հայաստանի եւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարները

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Փարիզ կը գտնուի։ Այցելութեան շրջանակին մէջ նախատեսուած է անոր հանդիպումը՝ Ֆրանսայի իր պաշտօնակից Գաթրին Գոլոնայի եւ ֆրանսացի այլ պաշտօնատարներու հետ:

Միրզոյեան կը մասնակցի նաեւ Փարիզի խաղաղութեան հինգերորդ համաժողովին: