Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Սուրբ Երկրին մէջ Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին զոհուած զինուորներու յիշատակի օր

Նոյեմբեր 13-ին, պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Իսրայէլի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպանութիւնը հրաւիրած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւնն ու Իսրայէլի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը ներկայ գտնուելու Սուրբ Երկրին մէջ Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին զոհուած զինուորներու յիշատակի տարեկան արարողութեան, որ տեղի ունեցած է Ռամլէ քաղաքի Զինուորական գերեզմանատան մէջ:

Պատրիարթութեան անունով ներկայ գտնուած է Ս. Աթոռի դիւանապետ՝ Կորիւն վրդ. Բաղդասարեան, իսկ Հայաստանի դեսպանութեան կողմէ՝ հիւպատոս Նարեկ Ղազարեան:

Գերեզմանատան ֆրանսական բաժնին մէջ թաղուած են Ֆրանսայի զօրագունդի շարքերուն կռուած ութ ալժերացի եւ մարոքցի, երկու ֆրանսացի, մէկ հրեայ եւ երեք Հայ զինուորներ: Այստեղ թաղուած մօտաւորապէս քսան զինուորներու ինքնութիւնը յայտնի չէ, տապանաքարերուն վրայ միայն գրուած է. «Ֆրանսացի անծանօթ զինուոր»:

Մասնագէտներու կարծիքով անծանօթ զինուորներուն մեծ մասը հաւանաբար Արարայի հերոսամարտի ընթացքին վիրաւորուած հայկական լիգէոնի այն հայ զինուորներն են, որոնք տեղափոխուած են Ռամլէի հիւանդանոց, սակայն կարելի չէ եղած փրկել անոնց կեանքը, եւ մարմինները յուղարկաւորուած են Զինուորական գերեզմանատան ֆրանսական բաժնին մէջ:

Դժբախտաբար, գերեզմանաքարերու տեղադրման ժամանակ, կարելի եղած է յայտնաբերել անոնցմէ միայն երեքին ինքնութիւնը՝ Պօղոս Տիրիկճեանի, Օհաննէս Սատչակեանի եւ Հայկազ Գաբրիէլեանի: 

Այցելութեան ընթացքին նախնական համաձայնութիւն ձեռք բերուած է համագործակցելու գերեզմանատան ղեկավարութեան հետ՝ Հայ զինուորներու ինքնութիւնը ճշդելու եւ հայկական գերեզմանաքարեր տեղադրելու համար: