Modern Website Header
Website Header with Working Banner

TikTok-էն տաճար վերադառնալու ժամանակն է

 

Գրեց՝ Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան *

Այս արա­գափո­խոխ եւ աղմկա­լից ժա­մանակ­նե­րուն, երբ մար­դը կը խեղ­դուի իմաս­տի բա­ցակա­յու­թեան մէջ, կը կորսնցնէ իր ինքնու­թիւնը, իսկ հո­գին կը մնայ կա­րօտ մխի­թարու­թեան, Ամե­րիկա­յի եւ Եւ­րո­պայի մէջ սկսած է նկա­տուիլ անակնկալ երե­ւոյթ մը։ Ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րու հա­մաձայն, նոր սե­րունդ մը՝ ժա­մանա­կակից աշ­խարհի դա­տար­կութե­նէն յոգ­նած, սկսած է դառ­նալ դէ­պի այն, ինչ մոռ­ցուած կը հա­մարուէր՝ աւան­դա­կան եկե­ղեցին։ Աւան­դութեան մէջ անոնք կը վե­րագտնեն կո­րու­սեալ խա­ղաղու­թիւն մը եւ նո­րոգեալ մօ­տեցում կը ցու­ցա­բերեն Կա­թողի­կէ եւ Ուղղա­փառ եկե­ղեցի­ներու խոր­հուրդին, հո­գեւոր ներ­հա­յեցող եւ ինքնամ­փոփ կար­գա­պահու­թեան ու սրբու­թեան։

Catholic Herald-ի մէջ հրա­պարա­կուած յօ­դուած մը կը նշէ. «Ոչ միայն գո­թական տա­ճար­նե­րու կամ լա­տին պա­տարա­գի փակ շրջա­նակ­նե­րու մէջ, այ­լեւ երի­տասարդ ամե­րիկա­ցինե­րու սրտե­րուն մէջ, որոնք մշա­կու­թա­յին բո­լոր հո­սանքնե­րուն հա­կառակ, հո­սանքն ի վեր կը թիավա­րեն դէ­պի կա­թողի­կէու­թիւն։ Այս երե­ւոյ­թը տա­րակու­սանքի կը մատ­նէ թէ՛ աշ­խարհիկ վեր­նա­խաւե­րը, եւ թէ՛ ազա­տամիտ բո­ղոքա­կան­նե­րը։ Ինչպէ՞ս կա­րելի է, քայ­քա­յու­մի եւ թուային ոչնչա­պաշ­տութեան (nihilisme) այս դա­րաշրջա­նին, կարգ ու կա­նոնի, ծէ­սի եւ խոս­տո­վանու­թեան Եկե­ղեցին ըն­կա­լել “գրա­ւիչ” (cool)»։

Այս սե­րունդը, որ ժա­ռան­գած է ոչ թէ իմաստ, այլ ալ­կո­րիթ­մեր, նա­խատե­սուած՝ գու­շա­կելու նոր սե­րունդին քայ­լե­րը, առանց ըմբռնե­լու անոր հո­գիին խո­րու­թիւնը, այ­սօր կ’ապ­րի հո­գեւոր սո­վի մէջ։ Ազ­նւու­թեան, աղօթ­քի եւ խորհրդա­ւոր լռու­թեան փո­խարէն, անոնց տրուած է անզգա­յաց­նող «TikTok-բու­ժում» մը՝ աւե­լի բթաց­նող քան մխի­թարող։ Եւ երբ հո­գածու­թեան անու­նով կը վա­ճառուին «ինքնա­սիրու­թեան» մե­թոտ­ներ՝ փա­փուկ բա­ռերով եւ մշու­շոտ խոս­տումնե­րով, շա­տերու մէջ ծնունդ կ’առ­նէ խոր եւ ան­բա­ցատ­րե­լի պա­կաս մը, ներ­քին բա­ւարա­րու­թեան մը փնտռտու­քը, զոր ո՛չ մէկ պայ­ծառ էք­րան կրնայ լեց­նել։

Թուային աշ­խարհը այ­սօր վե­րածուած է մի­ջոցի մը, որ ան­ցած է մարդկա­յին բա­րոյա­կանու­թեան սահ­մաննե­րը, ուր ատե­լու­թիւն, բամ­բա­սանք, հայ­հո­յանք, մա­կերե­սայ­նութիւն եւ կեղ­ծիք ոչ միայն նսե­մացու­ցած են մար­դուն բա­րոյա­կան գի­տակ­ցութիւ­նը, այլ նաեւ աղա­ւաղած մարդկա­յին էու­թիւնը: Այս աշ­խարհին շլա­ցու­ցիչ գրաւ­չութիւ­նը մեզ սոր­վե­ցու­ցած է բա­ւարա­րուիլ մա­կերե­սային գե­ղեց­կութեամբ, արուես­տա­կան բա­ւարա­րուա­ծու­թեամբ եւ ան­ցո­ղիկ զգա­ցումնե­րով, որոնք կու գան ու կ՚ան­հե­տանան կայ­ծակնա­յին արա­գու­թեամբ։ Բայց այս փայլքը ժա­մանա­կաւոր կրկնե­րեւոյթ (mirage) մըն է։ Այ­սօ­րուան մար­դը, մա­՛նաւանդ երի­տասար­դը, զգա­յուն է այս դա­տար­կութեան ճշմար­տութեան նկատ­մամբ։ Ան կը զգայ, որ հո­գին սո­ված է, ար­մատնե­րը՝ կտրուած։ Ու այսպէս, ի վեր­ջոյ, ինչ որ կը փնտռէ՝ զուար­ճանք կամ վայրկե­նական հա­ճոյք չէ, այլ իմաստ մը, որ չի խամ­րիր։

Եւ ահա հոս կը սկսի բա­ցուիլ ու­ղի մը՝ ոչ դէ­պի նո­րու­թիւն, այլ դէ­պի մոռ­ցուած ար­մատնե­րը. դէ­պի աւան­դութիւն, դէ­պի հա­ւատք, դէ­պի այն հո­գեւոր ժա­ռան­գութիւ­նը, որ տա­րիներ շա­րու­նակ լոյ­սը պա­հած էր լռու­թեան մէջ։ Թուային աշ­խարհը, որ ժա­մանակ մը հա­ւատ­քը փո­խարի­նելու մեծ­խօ­սիկ յա­ւակ­նութիւ­նը ու­նէր, այ­սօր ինք կը բա­ցայայ­տէ իր ամ­լութիւ­նը՝ փայ­լուն կե­ղեւ մը առանց հո­գիի։ Թուային աշ­խարհը չի ճանչնար լռու­թեան խո­րու­թիւնը, եւ չի կրնար տալ այն մխի­թարու­թիւնը, որ միայն հա­ւատ­քին խոր­քէն կը բխի։

Ժա­մանակն է, որ Եկե­ղեցին վե­րադառ­նայ իր իս­կա­կան կո­չու­մին, ոչ որ­պէս կա­ռոյց, այլ որ­պէս բա­բախող սիրտ։

Ինչպէս Եղի­շէ արք. Դու­րեան, պատ­րիարք Կոս­տանդնու­պոլսոյ (1909-1911) եւ ապա Երու­սա­ղէմի (1921-1930), ըսած է՝ «[Եկե­ղեցին] զոր ո՛չ փայ­տա­կերտ աղօ­թարա­նի եւ ո՛չ քա­րաշէն տա­ճարի նիւ­թա­կան նշա­նակու­թեամբ կ’իմա­նանք, այլ կ’ըմբռնենք մա՛նա­ւանդ այն եկե­ղեցին՝ որ “սեպ­հա­կան ժո­ղովուրդ” կը թարգմա­նուի»։

Մար­դը որ­քա՜ն կա­րիքը ու­նի հո­գեղէն մաք­րումի, յոյ­սի եւ լոյ­սի, բա­ներ զորս այ­սօ­րուան քա­ղաքա­կան ժխո­րին մէջ, աշ­խարհը չի կրնար տալ այ­լեւս։ Այս օրե­րուն, երբ կար­ծէք մե­զի հա­սած աշ­խարհը կը կքի իր իսկ ստեղ­ծած հիմ­քե­րուն տակ, Եկե­ղեցին կո­չուած է վե­րազարթնե­լու՝ ոչ որ­պէս ան­ցեալի շքեղ յու­շարձան, այլ որ­պէս ներ­կա­յի կեն­դա­նի աղ­բիւր։ Աղ­բիւր մը, որուն ջու­րե­րէն կը հո­սին սէր եւ ճշմար­տութիւն։ Աղ­բիւր, ուր Աս­տուած կը սպա­սէ հայ­րա­կան հո­գատա­րու­թեամբ։ Եւ երբ երի­տասար­դը կը տես­նէ, թէ այս լոյ­սը դեռ չէ մա­րած, չի մօ­տենար որ­պէս ճամ­բորդ ու զբօ­սաշրջիկ, այլ որ­պէս զա­ւակ, որ եր­կար թա­փառու­մէ ետք իր տու­նը կը վե­րադառնայ։

* Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան, ընկերաբան, սփիւռքագէտ, սփիւռքի նո­րա­րարական ծրագրերու հեղինակ եւ գործադիր։

«Տարբերակ 21» ■