Wizz Air-ի ութ նոր ուղղութիւնները Հայաստանէն

Ցած գիներով գործող Wizz Air օդային ընկերութիւնը Հոկտեմբեր 2-ին Զուարթնոց օդակայանին մէջ պաշտօնապէս բացած է իր նոր մասնաճիւղը, մինչ Հայաստան կը շարունակէ դառնալ տարածաշրջանային փոխադրական հանգրուան մը։ Ընկերութեան սպասարկման դաշտի ընդարձակման շրջանակին մէջ պիտի գործարկուին եւրոպական 8 նոր ուղղութիւններ դէպի Փրակա, Համպուրկ, Փաֆոս, Փարիզ, Նափոլի, Պարի, Պուքրէշ, Մեմինկէն։Կ՚աւելցուինաեւդէպիՏորթմունտթռիչքներույաճախականութիւնը՝շաբաթըչորսանգամ։

2021-2024 թուականներուն «Ամէնէն կայուն մատչելի օդային ընկերութիւն»-ը ընտրուած Wizz Air-ը, Հայաստան մուտք գործած է 2020-ին։

Հոկտեմբեր 2-էն, Wizz Air-ի օդանաւային փաղանգը հարստացած է երկու արդիական A321neo օդանաւերով, որոնց մնայուն կայքը պիտի ըլլայ Երեւանի օդակայանը։ Ընկերութիւնը կը նախատեսէ միայն այս տարի փոխադրել 1,2 միլիոն ճամբորդ։ Կառավարութիւնը դրամական օժանդակութիւն կը տրամադրէ այն օդանաւային ընկերութիւններուն, որոնք նուազագոյնը տարեկան 1 միլիոն ճամբորդ կը փոխադրեն Հայաստան։ Ի դէպ, Սեպտեմբեր 30-էն ի վեր սկսած են նաեւ Գիւմրիի Շիրակ օդակայանէն դէպի Լառնաքա Wizz Air-ի թռիչքները։