Yerevan Fashion Week 2025. հայկական նորաձեւութիւնը միջազգային հարթակին

Հայ եւ միջազգային անուններ, ոլորտի առաջատարներ՝ համախմբուած մէկ յարկի տակ

Նորաձեւութեան շաբաթը կը վերադառնայ Երեւան՝ հոկտեմբեր 23-26-ին մէկ յարկի տակ համախմբելով հայ եւ միջազգային տիզայնըրներ (նորաձեւութեան մասնագէտներ), ոլորտի առաջատար մասնագէտներ, ազդեցիկ հիւրեր եւ նորաձեւութեան սիրահարներ։ «Երեւանի նորաձեւութեան շաբաթ» (Yerevan Fashion Week — YFW) ամէնամեայ այս միջոցառումը, որ կը կազմակերպուի 2023-էն ի վեր, նպատակ ունի զարգացնելու հայկական նորաձեւութիւնը, զայն ծանօթացնելու համաշխարհային հարթակներու վրայ եւ Երեւանը աստիճանաբար դասելու նորաձեւութեան շաբաթ հիւրընկալող քաղաքներու շարքին։

Ծրագիրը իրականացնողն է Հայաստանի Նորաձեւութեան եւ տիզայնի պալատը՝ համագործակցութեամբ՝ Երեւանի քաղաքապետարանին (գլխաւոր հովանաւոր եւ գործընկեր), ինչպէս նաեւ՝ միջազգային ու տեղական գործընկերներու։

Երեւանի քաղաքապետարանի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Արաքսի Խոյլունցի համաձայն՝ Նորաձեւութեան շաբաթը կարելիութիւն կընձեռէ հայ եւ օտար տիզայնըրներուն ներկայացնելու իրենց աշխատանքը, իսկ նորաձեւութեան սիրահարներուն՝ բացայայտելու արդի հակումները (թրէնտները)։ Ան նաեւ ընդգծեց ձեռնարկին մեծ ազդեցութիւնը զբօսաշրջութեան զարգացման վրայ՝ Երեւանը դարձնելով նորաձեւութեան մայրաքաղաք։

Նորաձեւութեան եւ տիզայնի պալատի նախագահ Վահան Խաչատրեան տեղեկացուցած է, որ շաբթուան պաշտօնական բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 23-ին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ եւ նուիրուած պիտի ըլլայ նորաձեւութեան եւ արուեստի երկխօսութեան։ Յաջորդ օրերուն «Մերիդիան» ցուցահանդէսային կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենան տիզայնըրներու ցուցադրութիւնները, կլորսեղաններ եւ այլ ձեռնարկներ։

Երիտասարդ տաղանդներու խթանում

Նոր անուններ բացայայտելու համար յատուկ հարթակներ կան։Եթէ առաջին տարին շատ մեծ դժուարութիւններ ունեցանք երիտասարդ տիզայնըրները ներգրաւելու՝ մրցոյթին համար, այժմ անոնք տեղեկացուած են եւ կը սպասեն, որ դիմումներու ընդունումը բացուի”,– ընդգծած է Խաչատրեան՝ նշելով կարողականութեան աճը։ Ան նաեւ հաստատած է, որ 60 վաճառանիշներու մասնակցութիւնը Fashion Expo ցուցահանդէսին՝ արդէն իսկ մեծ թիւ մըն է։

Նորաձեւութեան եւ տիզայնի պալատի համահիմնադիր Էլէն Մանուկեան առանձնապէս կարեւոր համարած է Fashion Scout Armenia երիտասարդ տիզայնըրներու մրցոյթը, որ այս տարի 50 դիմում ստացած է։ Միջազգային դատակազմը անոնցմէ ութը որակած է եզրափակիչի։ Մրցոյթին կ՚աջակցին միջազգային կառոյցներ.

  • Հիմնական մրցանակը կը տրամադրէ Բրիտանական խորհուրդը։
  • Իտալական Polimoda հեղինակաւոր հաստատութիւնը լաւագոյն մասնակիցին մէկամսեայ վերապատրաստում կ՚ընծայէ Իտալիոյ մէջ։
  • Երեւանի քաղաքապետը 1 միլիոն դրամի մրցանակ կը յատկացնէ յաղթող տիզայնըրներէն մէկուն՝ իր գործը զարգացնելու համար։
  • Ղարաբաղէն տեղահանուած չորս մասնակիցներ եւս դրամական մրցանակներ պիտի ստանան՝ իրենց գործը զարգացնելու նպատակով (GIZ-ի աջակցութեամբ)։

Միջազգային ներկայութիւն եւ ծրագիր

YFW 2025-ի շրջանակին մէջ կ՚ակնկալուի աւելի քան 20 հայ եւ միջազգային (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Իրան, Ղազախստան, Ուզպեքիստան, Մոլտաւիա, Ռուսաստան) տիզայնըրներու հաւաքածոներու ցուցադրութիւններ՝ նորարարութեան, կայունութեան եւ մշակութային ինքնութեան շեշտադրումով։

Fashion Expo-ն աւելի քան 60 հայկական եւ միջազգային վաճառանիշներու համար հարթակ մը պիտի ըլլայ՝ կապեր հաստատելու, վաճառքներ իրականացնելու եւ իրենց տեսանելիութիւնը բարձրացնելու համար։

Fashion Talks ձեւաչափով շուրջ 15 քննարկումներ տեղի պիտի ունենան միջազգային հեղինակաւոր հիւրերու հետ՝ ոճաբանութեան, լուսանկարչութեան, կայունութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու եւ նորաձեւութեան, portfolio-ի (տիզայնըրի անձն ու գործը համապարփակ ներկայացնող անձնական գրքոյկ) ստեղծման եւ այլ նիւթերու շուրջ։

Նախատեսուած են նաեւ յատուկ ծրագրեր (CRELAB Տաւուշի եւ Կոտայքի կեդրոններու, Pepsi x YFW, Denim Cycle) եւ երեկոյթներ (After Party)՝ ոլորտի տեղական եւ միջազգային ներկայացուցիչներու միջեւ կապեր ստեղծելու համար։

Ձեռնարկը պիտի լուսաբանուի նորաձեւութեան լաւագոյն միջազգային եւ տեղական լրասփիւռներուն կողմէ (Vogue, Elle, Harper’s Bazaar, BBC, Le Mile, White Milano, Tranoi եւ այլն), ինչ որ պիտի նպաստէ Երեւանի վարկանիշի բարձրացման՝ որպէս զբօսաշրջային ուղղութիւն։