Modern Website Header
Website Header with Working Banner

«Ազերիկազ»-ի՝ միջազգային հանրութիւնը ապակողմնորոշելու նենգ նպատակը  հետապնդող քայլը

«Արցախկազ» ընկերութիւնը Արցախի տեղեկատուական գրասենեակի Դիմագիրքի էջին միջոցով հրապարակած է յայտարարութիւն մը, հերքելով Մարտ 27-ին ազէրպայճանական լրասփիւռներու կողմէ տարածուած այն լուրը, որ իբր թէ ազէրպայճանական «Ազերիկազ»-ը նորոգած է Արցախին կազ բաշխող գիծին վրայ տեղի ունեցած խանգարման հետեւանքները, եւ Մարտ 29-էն Արցախի կազամատակարարումը կը վերականգնի։

«Տեղեկացնում ենք, որ վերոնշեալ յայտարարութիւնը կեղծ ու գրգռիչ բնոյթի ապատեղեկատւութիւն է, որ հետապնդում է ստեղծուած բարդ իրավիճակից օգտուելու եւ Արցախահայութիւնն ու միջազգային հանրութիւնը ապակողմնորոշելու նենգ նպատակ։

Յայտնում ենք, որ բնական կազը մուտք է գործում Արցախի Հանրապետութեան տարածք միայն մէկ կազատարի միջոցով՝ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքից, իսկ կազամատակարարող ընկերութիւնը «Կազփրոմ Արմենիա»-ն է։ Նշուած կազատարից բնական կազի ընդունումն ու բաշխումն իր բաժանորդներին իրականացնում է «Արցախկազ» ընկերութիւնը։ Ուստի, հաղորդագրութեան մէջ նշուած ադրբեջանական պետական քարիւղի SOCAR ընկերութիւնը կամ դրա դուստր՝ «Ազերիկազ»-ը որեւէ առնչութիւն չեն կարող ունենալ Արցախի Հանրապետութեան կազամատակարարման գործընթացի հետ։ Դա պարզապէս տեխնիկական ու աշխարհագրական առումով էլ բացառւում է։

Նշեալ հաղորդագրութիւնը եւս մէկ անգամ փաստում է, որ Մարտի 8-ին կազատարը Շուշիի հատուածում պայթեցնելուց եւ օրեր շարունակ դրա վերանորոգմանը խոչընդոտելուց յետոյ, ադրբեջանական կողմը դիտաւորեալ փականք է տեղադրել կազատարի վրայ՝ եղանակային անբարենպաստ պայմանները ծառայեցնելով Արցախի բնակչութեան համար մարդասիրական առաւել խնդիրներ առաջացնելու յանցաւոր գործին»,– նշուած է «Արցախկազ»-ի հրապարակած յայտարարութեան մէջ։