Ազերպայճանի մէջ Ֆրանսայի առժամեայ հաւատարմատար Ժիւլիէն լը Լան Նոյեմբեր 16-ին հրաւիրուած է Արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր անոր բողոքագիր յանձնած են՝ Նոյեմբեր 15-ին Ֆրանսայի Ծերակոյտի բանաձեւին կապակցութեամբ։
Հանդիպումին՝ ազերպայճանական կողմը ընդգծած է, որ «բանաձևը հեռու է իրականութենէն, լի է սուտերով ու զրպարտութնւններով, եւ Պաքու կտրականապէս կը մերժէ զայն»:
Միւս կողմէ, նոյն օրը Ազերպայճանի Միլլի մեճլիսն (խորհրդարան) ալ, ի պատասխան Ֆրանսայի Ծերակոյտի հակաազերպայճանական բանաձեւին, իր կարգին հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որով կոչ կ՚ընէ Ազերպայճանի կառավարութեան վերանայելու քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւնները Ֆրանսայի հետ:
Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած է, որ քանի տակաւին Ֆրանսայի կառավարութիւնը անհրաժեշտ երաշխիքներ չէ տուած, Փարիզ պէտք չէ մասնակցի Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին առնչուող նախաձեռնութիւններուն եւ գործողութիւններուն, ինչպէս նաեւ առաջարկուած է այս հարցերով քննարկում չունենալ ֆրանսացի պաշտօնական անձերու հետ: