Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ազերպայճան դարձեալ կրակ բացած է Սոթքի հայկական դիրքերու ուղղութեամբ. զինուոր մը զոհուած է, կայ նաեւ վիրաւոր մը

Մայիս 17-ի կէսօրէ ետք, Ազերպայճանի զինեալները կրակ բացած են Սոթքի հայկական դիրքերու ուղղութեամբ, պատճառ դառնալով հայ զինուորի մը վիրաւորուելուն։ Հակառակորդը այնուհետեւ կրակ բացած է վիրաւոր զինուորը փոխադրող շտապ-օգնութեան կառքին վրայ ալ, այս անգամ ալ վիրաւորելով հիւանդապահ մը: Հիւանդանոցի ճամբուն վրայ մահացած է 20-ամեայ զինուորը։

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակած է հիւանդատար կառքի լուսանկարները, որու ուղղութեամբ կրակ բացած են Ազերիները։