Ազերպայճան-Ռուսաստան առճակատումը կը շարունակուի

Պաքու կ՚ամբաստանէ Մոսկուան Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան իր անդամակցութիւնը խոչընդոտելու մեղադրանքով

Ռուս-ազերպայճանական լարումը երեւութապէս ծայր առաւ 2024 Դեկտեմբեր 25-ին, Ազերպայճանական օդային գիծերու օդանաւի մը՝ ռուսական հրթիռով մը խոցումով (38 մեռեալ, 29 վիրաւոր)։ Սակայն ինչպէս ծանօթ է, դիւանագիտութեան եւ քաղաքականութեան մէջ շատ յաճախ կողմերը պատրուակի մը կը սպասեն (երբեմն նոյնիսկ կը գրգռեն խնդրոյ առարկայ պատրուակը) նախօրօք իրենց ծրագրած դիւանագիտութեան կամ քաղաքականութեան յագուրդ տալու համար։ Ամենայն հաւանականութեամբ հոս եւս ա՛յդ է պարագան, քանի որ սովորական բարեկամական պայմաններու մէջ այդ «քանի մը կեանքը» ո՛չ մէկ կշիռ պիտի ներկայացնէին երկու երկիրներու յարաբերութիւնները պղտորելու համար։ 

Հակառակ անոր որ Ռուսաստան թեւ ու թիկունք կանգնեցաւ Ազերպայճանին՝ Արցախեան խնդրին «ազերպայճանական տարբերակով հանգուցալուծման» մէջ,– նոյնիսկ ի գին դաւաճանելու իր դաշնակից Հայաստանին,– կը թուի թէ Պաքու մեղմ խօսքով՝ «շեղած է» Մոսկուայի հետ գաղտնաբար մշակուած ծրագրերէն, կամ պայմանագրերէն, ի մասնաւորի ինչ կը վերաբերի ներկայիս «Թրամփի ուղի» կոչուած նախագիծին, որ հաւանաբար Պաքուի ցուցաբերուած ռուսական նեցուկին առանցքային պատճառն էր։ 

Հետեւաբար, որքան որ Ազերպայճան արբեցած է իր երազանքներու քայլ առ քայլ իրականացումով, Ռուսաստան ալ նոյնպէս քայլ առ քայլ  ականատես կ՚ըլլայ իր հեռանկարներու փոշիացման եւ այս պայմաններուն մէջ երկու երկիրներու յարաբերութիւններն ալ օր ըստ օրէ կը վատթարանան, յատկապէս երբ գիտենք, թէ ռուսին բառամթերքին երբեք մաս չէ կազմած «ներել» բառը։   

Տագնապը ներկայիս՝ Պաքուի մէջ Ռուսաստանի ներկայացուցչական գրասենեակ փակելէ, ատոր որպէս հակահարուած ռուսական հողի վրայ ազերի ջոջեր ձերբակալելէ, անոնց ինչքերը գրաւելէ անդին երթալով՝ հասած է միջազգային հարթակներ։

Այսպէս, ազերպայճանական լրասփիւռներ կը պնդեն, թէ իրենց երկրին՝ Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) անդամակցութիւնը խոչընդոտած է Ռուսաստանը, Հնդկաստանի հետ միասին։    

Այս մասին ազերպայճանական APA լրատու գործակալութիւնը, նշելով դիւանագիտական աղբիւրներ, կը գրէ.

«Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կարեւոր դեր  խաղացած է այս գործընթացին մէջ։
 
Ազերպայճանի՝ ՇՀԿ-ին անդամակցութիւնը խոչընդոտելու հարցը քննարկուած է Ռուսաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ քաղաքական խորհրդակցութիւններու ընթացքին եւ կողմերը համապատասխան համաձայնութեան յանգած են։ Սակայն Ռուսաստան Հնդկաստանը մղած է առաջին դիրքի՝ ինք պահուըտելով անոր ետին։
 
Կայ նաեւ այն կարծիքը, թէ Ռուսաստանի այս քայլը Չինաստանի նկատմամբ անյարգալից վերաբերում է, քանի որ Փեքին համաձայն «Շանկհայի ոգիին»,  հանդէս կու գայ կազմակերպութեան ընդլայնման կոչերով եւ կ՚աջակցի Ազերպայճանի անդամակցութեան։ Սակայն, վերջերս Չինաստանի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովին Ռուսաստան եւ Հնդկաստան խոչընդոտելով Ազերպայճանի անդամակցութիւնը անյարգալից վերաբերում ցուցաբերեցին նա՛եւ Չինաստանի նկատմամբ»։

Հոս, ինքզինք կը պարտադրէ խորհրդածութիւն մըն ալ։ Նոյնիսկ եթէ անհիմն է Ռուսաստանի դէմ առաջ քշուած ամբաստանութիւնը, նկատի ունենալով որ APA գործակալութիւնը պետութեան թիւ մէկ խօսափողն է ու անոր կարեւորագոյն քարոզչամեքենան, ի յայտ կու գան,– եւ տեսնելու համար ալ կարիք չկայ հանճար ըլլալու ,– ազերպայճանական իշխանութիւններու (չըսելու համար Ալիեւի) ներկայի հակառուսական տրամադրութիւնները։

***

Աւելցնենք, թէ Սեպտեմբեր 8-ին ազերպայճանցի մը եւս ձերբակալուած է Ռուսաստանի մէջ։

Երկրին Անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցները Սթավրոփոլի երկրամասին մէջ ձերբակալած են Ազերպայճանի քաղաքացի մը, որ կը մեղադրուի ահաբեկչութիւն նախապատրաստելու յանցանքով։