Ազերպայճանի զինեալ ուժերուն կողմէ Մարտ 5-ի առաւօտեան կատարուած յարձակման հետեւանքով զոհուած է Արցախի Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան 3 ծառայող, մէկ հոգի ալ վիրաւորուած է։
Ոստիկանութիւնը իր Դիմագիրքի էջով հաղորդած է.
«Այսօր առաւօտեան (Մարտ 5-ի)՝ ժամը 10-ի սահմաններում, ադրբեջանական զինուժը “Խայփալու” կոչուող վայրին մէջ թիրախաւորել եւ կրակ է բացել ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաների վարչութեան անձնակազմի կառքի վրայ, որի հետեւանքով ունենք 3 զոհ եւ մէկ վիրաւոր։ Վերջինս գտնւում է հանրապետական բժշկական կենտրոնի մէջ»։
Արցախի Պետական նախարարը միջազգային հանրութիւնը խաբելու փորձ համարած է Պաքուի սուտը, թէ Արցախի ոստիկանութեան կառքը զէնք կը փոխադրէր։
«Ադրբեջանը շտապել է կեղծ տեղեկութիւն տարածել առ այն, որ իբր իրենց կողմից վնասազերծուել է Հայաստանի Հանրապետութիւնից Արցախ զէնք տեղափոխող կառքը։ Սա բացայայտ սուտ է եւ միջազգային հանրութիւնը մոլորեցնելու, խաբելու, իրականութիւնը կեղծելու յաջորդական փորձ։ Ոստիկանութեան ծառայողները երթեւեկում էին մարդատար կառքով՝ Արցախի կողմից դէպի մեր ոստիկանական կէտը։ Կառքում զէնք, զինամթերք կամ ռազմամթերք չի եղել՝ ընդհանրապէս»,– նշուած է Պետական նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։
Միւս կողմէ, Արցախի Պաշտպանութեան բանակի ինքնապաշտպանութեան ուժերու զսպող գործողութիւններու հետեւանքով ազերպայճանական կողմը եւս կորուստներ ունի։