Ազերպայճանի ընդհանուր դատախազ Քեամրան Ալիեւ յայտարարած է, թէ նոր իրողութիւններու լոյսին տակ ռազմավարական առանցքային հարցերէն մէկը «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացումն է:
Անոր համաձայն՝ սոյն նախագիծը ոչ միայն կ՚ապահովէ ցամաքային կապ Ազերպայճանի հիմնական բաժնին եւ Նախիջեւանի միջեւ, այլեւ կը փոխէ ամբողջ տարածաշրջանի փոխադրամիջոցային քարտէսը՝ դառնալով տնտեսական եւ քաղաքական համարկման կարեւոր գործօն։
“Ինչպէս նշեց նախագահ Իլհամ Ալիեւ՝ Զանգեզուրի միջանցքը կը ծառայէ ոչ միայն Ազերպայճանի ազգային շահերուն, այլեւ առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի միջազգային համագործակցութեան, առեւտրական յարաբերութիւններու եւ համաշխարհային անվտանգութեան համար։
Միջանցքին բացումը պիտի ըլլայ մեր ինքնիշխանութեան գործնական ուժի, տարածաշրջանին մէջ Ազերպայճանի յառաջատար դիրքի նոր մէկ ցուցանիշը”,– ըսած է Ազերպայճանի ընդհանուր դատախազը։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։