Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ալիեւ. «Եթէ Հայաստան խաղաղութիւն կ՚ուզէ, ինչո՞ւ հարիւրմիլիոնաւոր տոլար արժողութեամբ զէնք կը գնէ»

Ազերպայճանին կարելի է, Հայաստանին՝ ո՞չ…

Մայիս 19-ին, Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Հայաստանը մեղադրելու նոր առիթ մը գտած է: Ան Հնդկաստանի նորանշանակ դեսպանին հետ հանդիպումին անդրադարձած է նաեւ հայ-ազերպայճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին։

Ազերպայճանական լրասփիւռներու համաձայն՝ ան ըսած է. “Եթէ Հայաստան իսկապէս խաղաղութիւն կ՚ուզէ, ապա ինչո՞ւ հարիւրմիլիոնաւոր տոլար արժողութեամբ զէնք կը գնէ”,– պնդելով որ Հայաստանի այդ քաղաքականութիւնը «կրնայ տարածաշրջանին մէջ նոր սպառնալից խնդիրներ յառաջացնել», կրկնելով, թէ Հայաստանի մէջ կը գործեն «վրէժխնդրական ուժեր, որոնք տակաւին հողային յաւակնութիւններ ունին»: 

Ալիեւ իր խօսակիցը պատահական չէ ընտրած՝ ակնյայտօրէն յիշելով Հայաստանի կողմէ հնդկական սպառազինութեան գնումի մասին հաղորդագրութիւնները։ Ընդամէնը մէկ շաբաթ առաջ Ազերպայճանի նախագահը յայտարարած էր, որ 2023-ի պետական ամավարկի  վերանայման ընթացքին պիտի աւելցնեն պաշտպանութեան բնագաւառի գանձատրումը։     

“Բանակաշինութեան հարցին մէջ մենք միշտ աշխատած ենք համակարգային եղանակով եւ կը շարունակենք այդ աշխատանքը։ Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմէն յետոյ մենք կանգ չենք առած, ընդհակառակն՝ կը յառաջանանք։ Ինչո՞ւ, քանի որ մենք միշտ պէտք է պատրաստ ըլլանք”,– նշած է ան՝ խոստանալով հետագային եւս ամրապնդել բանակը։

Նշենք, թէ նախապէս հաղորդուած էր, որ Ազերպայճանի 2023-ի պետական ամավարկի՝ պաշտպանութեան եւ ազգային անվտանգութեան ապահովման միջոցներու գանձատրման համար նախատեսուած է յատկացնել 5,3 միլիառ մանաթ (ընթացիկ փոխարժէքով աւելի քան 3,1 միլիառ տոլար) կամ ամավարկի ծախսերու 16 տոկոսը:

Հարց կը յառաջանայ՝ Ազերպայճանին կարելի է, Հայաստանին՝ ո՞չ…։