Ալիեւ կը յամառի գործածել «Զանգեզուրի միջանցք» եզրը

Վարչապետ Փաշինեանի բանբեր՝ Նազելի Բաղդասարեան

Փաշինեանի բանբերը կը հաւաստէ, որ «այդ խօսոյթը որեւէ կերպ չի կրնար վերաբերիլ ՀՀ տարածքին»

Ինչպէս արդէն գրեցինք, Հայաստանի կառավարական շրջանակէն յայտարարուեցաւ, թէ Գոփընհակընի մէջ Հոկտեմբեր 2-ին տեղի ունեցած ՓաշինեանԱլիեւ հանդիպումին քննարկուած է «Զանգեզուրի միջանցք» արտայայտութեան գործածութեան հարցը եւ փակուած է այդ էջը։

Բայց եւ այնպէս, Ազերպայճանի նախագահը Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան՝ Կապալայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ունեցած ելոյթին դա՛րձեալ գործածած է այդ արտայայտութիւնը։

«Արմէնփրէս» այս հարցով դիմած է վարչապետ Փաշինեանի բանբեր Նազելի Բաղդասարեանին, որ ըսած է հետեւեալը.

Հայաստանի վարչապետին եւ Ազերպայճանի նախագահին՝ Գոփընհակընի մէջ ունեցած հանդիպման արդիւնքներուն մասին թէ՛ հայկական, թէ՛ ալ ազերպայճանական կողմերը հրապարակած են մամլոյ հաղորդագրութիւն, որմէ ակնյայտ է, որ երկու կողմերն ալ կընդունին, թէ Հայաստանի տարածքին առնչուողը TRIPP ծրագիրն է, հետեւաբար Հայաստանի տարածքին վրայ որեւէ այլ ծրագիր չկայ եւ չի կրնար ըլլալ։ Մենք կը վերահաստատենք, որ Ազերպայճանի նախագահին այդ խօսոյթը որեւէ կերպ չի կրնար վերաբերիլ Հայաստանի տարածքին։

Հայաստանի մէջ կ՚իրականացուին միայն TRIPP եւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագրերը, ինչ որ յստակօրէն ամրագրուած է շարք մը միջազգային փաստաթուղթերու մէջ։