Հակառակ անոր, որ ուաշինկթընեան բանակցութիւններէն ետք ստորագրուած հռչակագրին մէջ՝ Հայաստանէն անցնող եւ Ազերպայճանի համար կենսական նշանակութիւն ունեցող ճամբան անուանուած է «Թրամփի ուղի», Ալիեւ կը շարունակէ զայն կոչել «Զանգեզուրի միջանք», ինչպէս որ կրկնած է դեռ Սեպտեմբեր 9-ին։ Հարցը բնականաբար խնդրոյ առարկայ ենթակառոյցին միայն անուանումը չէ, այլեւ անոր առնչուող՝ սահմանուած, ստորագրուած կարգավիճակը՝ մէկուն պարագային, աշխարհաքաղաքական յետին նպատակները՝ միւսին պարագային։
Ալիեւի այս «սայթաքում»-ները կ՚անհանգստացնեն բնականաբար նաեւ Իրանը, որ միշտ դէմ եղած է Ազերպայճանի հսկողութեան ենթակայ նման «միջանցք»-ի մը գոյութեան։ Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի Սեպտեմբեր 9-ին յայտարարած է. “Ոչ մէկ միջանցք պիտի ըլլայ. պարտադրանքով ոչինչ կարելի է։ Ոչ մէկ բան կայ, զոր կարելի է անուանել «միջանցք»։ Այդ ճանապա՛րհ է։ Ո՛չ Խաղաղութեան համաձայնագրի բնագրին եւ ո՛չ ալ ստորագրուած հռչակագրին մէջ (երկուքն ալ ԱՄՆ-ու մասնակցութեամբ — «ՆՅ») միջանցքի որեւէ յիշատակում կայ”,– նշած է Սոպհանի։
***
Ազգային ժողովին մէջ Սեպտեմբեր 10-ին տեղի ունեցած կառավարութեան հետ հարցում-պատասխանի բաժնին՝ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան երեսփոխան Արուսեակ Ջուլհակեան վարչապետին ուշադրութեան յանձնած է, որ ուաշինկթընեան համաձայնութիւններէն յետոյ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը շարունակէ գործածել «Զանգեզուրի միջանցք» եզրոյթը, որ կը հակասէ Օգոստոս 8-ի հռչակագրին մէջ օգտագործուած «Թրամփի ուղի» անուանումին:
Փաշինեան ի պատասխան այս նկատողութեան՝ յայտարարած է. “Գոյութիւն ունի առարկայական իրականութիւն, եւ գոյութիւն ունեն ենթակայական ընկալումներ: Առարկայական իրականութիւնը հետեւեալն է, որ Հայաստանն ու Ադրբեջանը Ուաշինգտոնում եւս մէկ անգամ ճանաչել են միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնը, ինքնիշխանութիւնը, իրաւազօրութիւնը, սահմանների անխախտելիութիւնը: Եւ սրանից բխում է, որ ՀՀ տարածքով կարող են գոյութիւն ունենալ այնպիսի կապուղիներ, որոնց վերաբերեալ որոշում կայացնում է ՀՀ-ն, եւ որոնց հետ կապուած ձեռք են բերուել պայմանաւորուածութիւններ”:
Վարչապետը խորհրդարանի ամպիոնէն ներկայացուցած է Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած հռչակագրի լուսապատճէնը, ուր իր ստորագրութեամբ արձանագրուած է, որ Հայաստանի տարածքին պիտի ըլլայ TRIPP («Թրամփի ուղի») անունով ենթակառոյց:
“Բայց դա ամբողջ պատմութիւնը չէ: Ամբողջ պատմութիւնն այն է, որ այս արձանագրութեան տակ կայ նաեւ Միացեալ Նահանգների նախագահի ստորագրութիւնը: Բայց դա էլ ամբողջ պատմութիւնը չէ: Ամբողջ պատմութիւնն է, որ այս արձանագրման տակ կայ նաեւ Ադրբեջանի նախագահի ստորագրութիւնը”,– ըսած է վարչապետը՝ աւելցնելով, որ գծած ու ստորագրած են այն շրջանակը, թէ ի՛նչ է եւ ինչի՛ մասին են տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններն ու ապաշրջափակումը:
Ան ընդգծած է նաեւ, որ այդ փաստաթուղթի 4-րդ կէտին արձանագրուած է՝ TRIPP նախագիծը Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ու քննարկման օրակարգի հարց է:
“Հարց կը ծագի՝ Ադրբեջանն ինչ կապ ունի այդ թեմայի հետ: Կապը հետեւեալն է՝ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի հաղորդակցութիւնները պէտք է կպնեն իրար: Բայց TRIPP նախագիծը Հայաստան-ԱՄՆ երկկողմ քննարկման հարց է: Եւ դրա տակ կայ ոչ միայն Հայաստանի վարչապետի, ոչ միայն Միացեալ Նահանգների նախագահի, այլ նաեւ Ադրբեջանի նախագահի ստորագրութիւնը”,– ըսած է Փաշինեան:
Ան աւելցուցած է, որ Հայաստան ու ԱՄՆ՝ յանձինս իրեն եւ Թրամփի, ստորագրած են մտադրութիւններու յուշագիր՝ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծի զարգացման մասին:
“Դրանով ԱՄՆ-ն եւ մենք պայմանաւորուել ենք, որ նախագիծը իրականացուելու է Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան, սահմանների անխախտելիութեան սկզբունքի հիման վրայ: Եւ ԱՄՆ-ն հետաքրքրուած է այդտեղ ներդրումներ անելով: Սա է առարկայական իրականութիւնը, մնացածը ենթակայական իրականութիւն է”,– ըսած է ան:
Փաշինեան յստակ շեշտած է, որ Հայաստանի տարածքին չի կրնար ըլլալ Ալիեւի նշած անունով ենթակառոյց:
“Բայց ես չեմ կարող բացառել նաեւ, որ այդ անունը Ադրբեջանում առարկայական եւ ենթակայական հանգամանքների բերումով այնքան ժողովրդական է դարձել, որ Ադրբեջանը կարող է իր տարածքով անցնող որեւէ ենթակառուցվուածք, այդ թւում այն ենթակառուցուածքներից, որը պէտք է միանայ Թրամփի ուղուն, անուանել ցանկացած անունով: Բայց դա ՀՀ ինքնիշխան տարածքի, ՀՀ օրակարգի, Ուաշինգտոնում ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնների հետ որեւէ կապ չունի”,– եզրափակած է վարչապետը:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։