ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՀԱԿԱԶԴԷ
Ազերպայճանի նախագահը Դեկտեմբեր 24-ին կրկին խօսած է Երեւանի՝ ազերպայճանական պատկանելիութեան մասին։
“Նոր ձեւաւորուած Ազերպայճանական ժողովրդավարական հանրապետութիւնը, 1918-ին կայացուցած առաջին որոշումներէն մէկով, մեր պատմական քաղաքներէն մէկը՝ Երեւանը նուիրեց Հայաստանին։ Այդ մէկը աններելի քայլ մըն էր, դաւաճանութիւն էր եւ յանցագործութիւն”,– յայտարարած է Ալիեւ։
Հարկ է նշել, որ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնադրման, ինչպէս նաեւ անոր նախորդող շրջանին, Երեւանը երբեք չէ եղած ազերպայճանական կամ թրքական ուժերու վերահսկողութեան տակ, հետեւաբար չէր կրնար անոնց կողմէ կայացուած կամայական որեւէ որոշումով տրուիլ Հայերուն։
Ազերպայճանի նախագահը կրկին հողային պահանջներ ներկայացուցած է Հայաստանին։ Այդ մասին ան խօսած է նոյն օրը այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ազերպայճանի» համայնքի՝ Պաքու գտնուող գրասենեակ այցելութեան ընթացքին։
Նշենք, թէ Ազերպայճանի իշխանութիւնները «Արեւմտեան Ազերպայճան» կ՚անուանեն Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի մարզը։
“Արեւմտեան Ազերպայճանը մեր պատմական տարածքն է։ Այդ մասին կը վկայեն բազմաթիւ պատմական փաստաթուղթերը, պատմական քարտէսներն ու մեր պատմութիւնը”,– ըսած է Ալիեւ։
“Ցաւօք սրտի, Հայերը հողին հաւասարեցուցած եւ ոչնչացուցած են Արեւմտեան Ազերպայճան գտնուող մեր բոլոր պատմական ու կրօնական յուշարձանները։ Այս շէնքին մէջ ցուցադրուող պատմական քարտէսները, սակայն, կը վկայեն, որ Արեւմտեան Ազերպայճանը պատմական ազերպայճանական երկրամաս կը հանդիսանայ, իսկ այնտեղ գտնուող քաղաքներու եւ գիւղերու անուանումները, ազերպայճանական ծագում ունին։ Վստահ եմ, որ կու գայ օր մը, երբ արեւմտեան Ազերպայճանցիները, անոնց զաւակներն ու թոռները մեծ ոգեւորութեամբ կը վերադառնան հայրենի հողեր։ Այսպէս պնդելու համար բազմաթիւ գործօններ կան։ Անոնցմէ գլխաւորը մեր ժողովուրդի պատմական յիշողութիւնն է”,– Azertag պաշտօնական գործակալութեան համաձայն յայտարարած է Ալիեւ։
Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան արձագանգը Ալիեւին
Ազերպայճանի կողմէ Արցախի ժողովուրդին դէմ յարձակողական գործողութիւնները ցեղային զտումներու քաղաքականութեան մաս կը կազմեն
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգելով Ալիեւի վերոնշեալ յայտարարութիւններուն՝ միջազգային գործընկերներուն կոչ ուղղած է հասցէական եւ թիրախային գործողութիւններու միջոցով Ազերպայճանին պարտադրելու դադրեցնել ռազմատենչ եւ ծաւալապաշտական հռետորաբանութիւնը, իրագործելու իրենց ստանձնած պարտաւորութիւնները, դուրս բերելու ազերպայճանական զօրքերը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն եւ վերականգնելու Բերձորի միջանցքի բնականոն գործունէութիւնը:
«Այսօր՝ Դեկտեմբերի 24-ին Ադրբեջանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմից այսպէս կոչուած “Արեւմտեան Ադրբեջանի” ներկայացուցիչների հետ հանդիպման ընթացքում հնչեցուած մտքերը եւս մէկ անգամ վկայում են, որ այս պետութեան ղեկավարութիւնը որեւէ կերպ շահագրգիռ չէ Հարաւային Կովկասում խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատմամբ: Աւելին, վերջինս ո՛չ միայն բացայայտօրէն ընդունում է ուժի կիրառման միջոցով Հայաստանի ինքիշխան տարածքի բռնագրաւման փաստը, այլեւ` Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ հնչեցնում է նոր տարածքային պահանջներ եւ ուժի կիրառման սպառնալիքներ, բացայայտ արհամարհանք է ցուցաբերում թէ՛ միջազգային իրաւունքի եւ թէ՛ միջազգային գործընկերների նկատմամբ:
Ադրբեջանի ղեկավարի յայտարարութիւնները, որոնք հակասում են Պրահայում եւ Սոչիում այս տարի ձեռք բերուած համաձայնութիւններին, արտացոլում են Ադրբեջանի ղեկավարութեան նկրտումները՝ ուղղուած խաղաղութեան գործընթացի վիժեցմանը:
Իրականութեան հետ որեւէ աղերս չունեն նաեւ Բերձորի միջանցքի ապօրինի խափանման վերաբերեալ նրա ելոյթում հնչեցուած բոլոր հիմնաւորումները: Այս եւ նախկինում Ադրբեջանի կողմից Արցախի ժողովրդի դէմ իրականացուած այլ յարձակողական գործողութիւնները Արցախի ժողովրդին ցեղային զտումների ենթարկելու հետեւողական քաղաքականութեան մասն են:
Եւս մէկ անգամ ընդգծելով տարածաշրջանում խաղաղութիւն եւ կայունութիւն կառուցելու հայկական կողմի հաստատակամութիւնը՝ միջազգային շահագրգիռ գործընկերներին կոչ ենք անում հասցէական յայտարարութիւնների եւ թիրախային գործողութիւնների միջոցով պարտաւորեցնել Ադրբեջանին դադարեցնել ռազմատենչ եւ առաւելապաշտական հռետորաբանութիւնը, իրագործել իր իսկ կողմից ստանձնած պարտաւորութիւնները, դուրս բերել ադրբեջանական զօրքերը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքից եւ վերականգնել Բերձորի միջանցքի բնականոն գործունէութիւնը»: