Օգոստոս 21-ին, Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ բռնագրաւուած Քարվաճառի մէջ յայտարարած է, թէ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը գրեթէ աւարտած է եւ ստորագրուած փաստաթուղթերը ամբողջովին կ՚ապահովեն Պաքուի շահերը:
Ան նշած է, թէ Պաքու հասած է իր բոլոր նպատակներուն, իսկ Մինսքի խումբը կ՚ապրի իր վերջին օրերը եւ շուտով կը դադրի գոյութիւն ունենալէ նոյնիսկ իրաւական առումով։
Ալիեւ նաեւ յայտնած է, թէ Ազերպայճանն է որ հեղինակած է Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրը եւ անոր դրոյթները մշակելու ատեն միշտ նկատի առնուած են Ազերպայճանի շահերը՝ աւելցնելով, թէ այս փաստաթուղթին նախաստորագրումը փաստօրէն վերջ կը դնէ Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ հակամարտութեան։
Ան ընդգծած է, թէ ապահովուած է ցամաքային մուտքը դէպի «պատմական ազերպայճանական Նախիջեւանի մարզ» (չակերտումը՝ մեր կողմէ — «ՆՅ»): Ալիեւ ըսած է, թէ Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան երկաթուղին ամբողջութեամբ կ՚արդիականացուի եւ նոր երթուղիներու կառուցումը կը նախատեսուի Հայաստանի տարածքին մէջ:
Ալիեւի համաձայն՝ Երեւան ստանձնած է այդ պարտաւորութիւնը եւ սա Ազերպայճանի համար եւս մէկ պատմական յաղթանակ է։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։