Ալիեւ․ «Քանի տակաւին Հայաստան չէ հրաժարած տարածքային պահանջներէն, պատերազմի վտանգը կը մնայ»

Ապրիլ 9-ին, Պաքուի Դիւանագիտական ակադեմիային մէջ կազմակերպուած համաժողովին, նախագահ Ալիեւ յայտարարած է.

“Քանի դեռ խաղաղութեան պայմանագիրը չէ ստորագրուած, քանի դեռ Հայաստան չէ հրաժարած Ազերպայճանին ուղղուած տարածքային պահանջներէն, որոնք տակաւին առկայ են այդ երկրի Սահմանադրութեան մէջ, քանի դեռ Հայաստան Ազերպայճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած անկեղծ կեցուածք չէ ցուցաբերած, պատերազմի վտանգը կը մնայ”։

Պաքուի մէջ համախմբուած ազերպայճանամէտ փորձագէտներու հետ հանդիպումին՝ Ալիեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրութեան միւս նախապայմանը՝ Մինսքի խումբի լուծման պահանջը եւս յիշած է՝ պնդելով, թէ այդ հարցին մէջ Երեւան տակաւին կը յամառի։

“Ազերպայճանի հետ միասին Մինսքի խումբի լուծման հարցով ԵԱՀԿ-ին դիմելէ խուսափիլը կը վկայէ, որ հայերը ժամանակ կը շահին, թերեւս որոշ փոփոխութիւններու եւ աւելի շահեկան միջազգային իրավիճակի սպասումներ ունին։ Անոնք մեծ յոյսեր ունէին, որ [Միացեալ Նահանգներու] ընտրութիւններէն ետք դեմոկրատները պիտի շարունակեն կառավարել։ Գաղտնիք չէ, որ նախագահ Թրամփի յաղթանակը անոնց համար մեծ յուսախաբութիւն էր”,– յայտնած է Ալիեւ։

«Հայաստանի նոր բարեկամներու առաքած մահացու զէնքերը ապագայ լարումի պիտի յանգեցնեն»

Ազերպայճանի նախագահի ելոյթին առանձնայատկութիւններէն մէկն ալ անոր՝ Հայաստանի ներկայի իշխանութիւններուն տուած որակումներն էին։ Ալիեւի համոզումով, գաղափարական առումով, հայաստանեան իշխանութիւններուն եւ ընդդիմութեան միջեւ մեծ տարբերութիւն չկայ։

“Հայաստանի մէջ բաւական ազդեցիկ վրէժխնդրական խումբեր կան եւ ես զանոնք պիտի բաժնէի երկու խումբի՝ աշխուժ վրէժխնդիրներ, որոնք պատասխանատու են 30-ամեայ բռնագրաւման համար, եւ կրաւորական վրէժխնդիրներ, որ այսօրուան կառավարութիւնն է։ Վերջինս կը փորձէ, այսպէս կոչուած, կառուցողական մօտեցումներ ցուցաբերել, սակայն կ՚ապրի նոյն վրէժխնդրութեան զգացումներով”,– պնդած է ան, եւ իր ըսածին իբրեւ ապացոյց կրկին անգամ արծարծած է  Հայաստանի կողմէ ձեռք բերուող սպառազինութեան հարցը։

Հայաստան մեծ թափով կը սպառազինուի։ Հայաստանի նոր բարեկամներու առաքած մահացու զէնքերը ո՛չ թէ խաղաղութեան եւ կայունութեան, այլ ապագայ լարումի պիտի յանգեցնեն”,– յայտարարած է Ալիեւ։

«Պէտք չէ ապաւինիլ նոր կամ հին բարեկամներու, որովհետեւ ի վերջոյ, տեղւոյն վրայ անոնք մեզի հետ պիտի առերեսին»

Իլհամ Ալիեւի Ապրիլ 9-ի ելոյթէն նաեւ յստակ դարձած է, որ Պաքու կը շարունակէ զգուշացնել հայկական կողմը, թէ արտաքին ուժերը օր մը պիտի մեկնին եւ հայերը դէմ առ դէմ պիտի մնան ազերպայճանցիներուն հետ։

“2020 թուականին Հայաստան անձնատւութեան փաստաթուղթ ստորագրեց։ Բոլորս ալ գիտենք, թէ ինչ կը պատահի այն երկիրներուն, որոնք անձնատուր կ՚ըլլան։ Հայաստան, սակայն, կը փորձէր այնպէս վերաբերիլ կարծէք ո՛չ 30-ամեայ բռնագրաւում եղած էր, ո՛չ ալ 44-օրեայ պատերազմ։ Բացի ատկէ, անոնք շատ գէշ խորհուրդներ կը ստանային իրենց, այսպէս կոչուած, բարեկամներէն. ի դէպ, այդ խորհրդատւութիւնը այսօր ալ կը շարունակուի։ Մենք զանոնք [հայերը] բազմիցս զգուշացուցած ենք, որ պէտք չէ ապաւինիլ նոր կամ հին բարեկամներու, որովհետեւ ի վերջոյ, տեղւոյն վրայ անոնք [հայերը] մեզի հետ պիտի առերեսին”, – զգուշացուցած է Ալիեւ։

Սակայն, հակառակ գրեթէ անթաքոյց սպառնալիք պարունակող այս յայտարարութեան՝ Ալիեւ կրկին ըսած է, թէ իր երկիրը նոր պատերազմ հրահրելու ցանկութիւն չունի։ Ան նոյնիսկ ըսած է, թէ իր բնորոշումով սպասուող յարձակումի մասին կեղծ լուրերը կը տարածեն Ֆրանսայի իշխանութիւնները եւ «Փարիզի հետ գործակցող եւրոպական երկիրները»։ “Եթէ մենք ուզէինք շարունակել պատերազմը՝ կը շարունակէինք 2020 թուականին, երբ Հայաստանի հետ սահմանին վրայ ամէն տեղ էինք՝ Զանկելանի, Քելբաջարի եւ այլ հատուածներու մէջ։ Հայաստանի բանակը կատարեալ բարոյական անկման վիճակի մէջ էր, 12 հազար դասալիք ունէր. այս փաստը իրենք՝ Հայաստանի իշխանութիւնները հաստատած են”,– աւելցուցած է Ազերպայճանի բռնապետը։

«Քանի որ Հայաստան կ՚արգիլէ մեր մուտքը դէպի Նախիջեւան, Իրանի հետ համաձայնութեամբ՝ շրջանցիկ ճամբայ մը պիտի կառուցենք»

Նոյն համաժողովին ունեցած իր ելոյթին, Ալիեւ նաեւ ըսած է, թէ Ազերպայճանի եւ Իրանի միջեւ քննարկուող նախագիծերէն մէկը Հայաստանը շրջանցող՝ փոխադրամիջոցներու հաղորդակցութեան ճամբան է, որ Նախիջեւանը Իրանի տարածքով պիտի կապէ Ազերպայճանի հիմնական բաժնին։

“Շրջանցող կառուղին արդէն կը կառուցուի, մենք հիմա կամուրջ մը կը շինենք, իսկ շրջանցիկ երկաթուղիի կառուցումը Իրանի եւ Ազերպայճանի համաձայնութիւնը կը պահանջէ, քանի որ Հայաստան կ՚արգիլէ մեր մուտքը Նախիջեւան։ Մենք չենք կրնար նստիլ եւ սպասել։ Հետեւաբար, համաձայնած ենք, որ շրջանցիկ ճամբայ մը կառուցենք, իսկ Հայաստան պիտի շարունակէ փակուղիի մէջ մնալ տարածաշրջանի քարտէսին վրայ”,– նշած է ան: