Այս տարի Ալֆորվիլի Հայ մշակոյթի տունը տօնեց Արմէնլիվրի 20-րդ տարեդարձը։
Նոյեմբեր 27-ին, Տան նորանշանակ տնօրէնուհին՝ Նորա Սարաֆեան-Թաշճեան բացման խօսքին մէջ ընդգծեց Ալֆորվիլ քաղաքին հիւրընկալ ու մշակոյթային դիմագիծը՝ աւելցնելով, որ Արմէնլիվր գիրքի տարեկան տօնավաճառի իրադարձութիւնը անոր կարեւոր անդրադարձերէն մէկն է իբրեւ՝ հանդիպումի, փոխանակումի եւ յայտնագործումի վայր։
Տարուէ-տարի Մշակոյթի տունը կ՚ընդարձակէ իր գործունէութեան դաշտը։ Նոր տարուան առթիւ գիրքի տօնավաճառը առիթ կը հանդիսանայ հանրութեան հետ մշակութային անմիջական շփումի՝ գիրքերու, հեղինակներու հետ հանդիպումով եւ մանուկներու եւ դպրոցականներու ուղղուած այլազան մշակութային աշխատանոցներու կազմակերպմամբ։ Այս տարուան նորութիւններու շարքին էր Փարիզի Արաբական աշխարհի հիմնարկին, Ինալքոյի հետ գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Համազգայինի գիրքերու տարածման իրաւասութիւնը, զոր ձեռք ձգած է Ալֆորվիլի Հայ մշակոյթի տունը։

20-րդ տարեդարձին առթիւ գրասէր մտաւորականներու կողմէ կատարուած էր 20 գիրքերու ընտրութիւն մը, որոնք յատուկ կերպով յանձնուած էին հանրութեան ուշադրութեան։
Նախատեսուած է «Եւ եղեւ սփիւռքը» դասախօսութիւններու շարք մը, 2026 տարեշրջանի առաջին եռամսեային ընթացքին, Մարկ Նշանեանի, Տիգրան Եկաւեանի եւ Անահիտ Տօնապետեանի մասնակցութեամբ։
20-րդ տարեդարձը առիթ էր նաեւ նշելու Ալֆորվիլի Հայ մշակոյթի տան նախկին տնօրէններու ներդրումը։ Բեմ հրաւիրուեցան հիմնադիրներ՝ Արա Գրիգորեան, Արշալոյս Սարգիսեան, Պէաթրիս Անանեան, Յասմիկ Գեւոնեան։ Իսկ այս բոլորէն վեր զգալի է ու շնորհաւորելի Ալֆրովիլի հայ համայնքի կամաւորներու սիրալիր աշխատանքը, որ հաւաքական կամքի ու ինքնութեան զօրաւոր արտայայտութիւնն է։
Բացման արարողութան ներկայ էին Ալֆորվիլի քաղաքապետ՝ Լիւք Գարվունաս ու իր գործակիցները, հայ համայնքի պատասխանատուներ։ Քաղաքապետարանը ամէն տարի կը հիւրընկալէ Արմէնլիվրն ու նպաստը կը բերէ Հայ մշակոյթի տան գործունէութեան։ Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան նաեւ քաղաքապետն ու Մշակոյթի տան նախագահ Եդուարդ Պառաւեան, որոնք ընդգծեցին եռօրեայ միջոցառման մշակութային բարձր որակը։ Երեկոյթը ընթացաւ երաժշտական կատարումով՝ Ռուբէն Կնիազեանի, Դաւիթ Աբրահամեանի եւ Անուշ Արշակունիի։
Բացի Ալֆորվիլէն, Արմէնլիվրը պիտի կրկնուի Իսի-լէ-Մուլինոյի Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանին մէջ, Դեկտեմբեր 13-14-ին, եւ Փարիզ՝ ՀԲԸՄ-ի Ալեք Մանուկեան սրահին մէջ, Յունուար 24-25-ին։
Թ. Շ. ■