Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքի յայտնի Պոնտայ լողափին վրայ, Դեկտեմբեր 14-ին արիւնալի ահաբեկչութիւն մը տեղի ունեցած է։ Անծանօթներ կրակ բացած են հրեական Խանուքա տօնի մոմավառութեան արարողութեան մասնակցող բազմութեան վրայ։
Դէպքը տեղի ունեցած է այն պահուն, երբ տեղւոյն հրեայ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ հաւաքուած էին տօնակատարութեան համար։ Ականատեսներու վկայութեամբ՝ արձակուած է առնուազն 50 կրակոց։
Վերջին տուեալներով՝ ահաբեկչութեան զոհ գացած է 16 հոգի (ներառեալ՝ կրակողներէն մէկը), իսկ 38 հոգի վիրաւորուած է։ Ոստիկանութիւնը, որ կատարուածը որակած է ահաբեկչական գործողութիւն, յայտնած է, թէ երկու յարձակողներէն մէկը սպանուած է, իսկ միւսը՝ ձերբակալուած։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստօրէն դատապարտած է տեղի ունեցածը եւ ցաւակցութիւն յայտնած զոհերու ընտանիքներուն։
Արտաքին գործոց նախարարութեան «X»-ի պաշտօնական էջին վրայ հրապարակուած գրառման մէջ նշուած է. «Ցնցուած ենք Սիտնիի Պոնտայ լողափին վրայ տեղի ունեցած կրակոցներէն, որոնք բազմաթիւ անմեղ կեանքերու կորստեան պատճառ դարձան։ Հայաստան խստօրէն կը դատապարտէ ահաբեկչութիւնը՝ իր բոլոր ձեւերով ու դրսեւորումներով։ Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք զոհերու ընտանիքներուն եւ կ՚աղօթենք վիրաւորներու շուտափոյթ ապաքինման համար»։