Ամերիկեան պատուիրակութիւն մը՝ Երեւանի մէջ TRIPP-ի համար. Միրզոյեան երկաթուղիի կառուցման պայմանաժամ նշած է

Ամերիկեան աշխատանքային խումբ մը Երեւան ժամանած է՝ սկսելու համար TRIPP (Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման) ծրագրի գործնական քայլերը, որոնց շուրջ համաձայնած էին վարչապետ Փաշինեան եւ նախագահ Թրամփ։

Ամերիկեան խումբը այս շաբաթ Հայաստանի սահմանապահ ուժերուն հետ պիտի գնահատէ սահմանային անվտանգութեան ամրապնդման կարիքները, քայլ մը, որ կը նկատուի «Խաղաղութեան խաչմերուկ»-ի իրագործման սկիզբը։

Միւս կողմէ, Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան լեհական հեռատեսիլի մը տուած հարցազրոյցին նշած է ծրագրի պայմանաժամերն ու մանրամասնութիւնները։

Նախարարը յայտնած է, թէ յառաջիկայ ամիսներուն կարելի է աւարտել նախապատրաստական գործընթացը, որմէ ետք երկաթուղիի կառուցումը պիտի տեւէ առնուազն երկու տարի։ Ան նաեւ ընդգծած է, որ ծրագիրը միայն երկաթուղիով չի սահմանափակուիր, այլ կը ներառէ բոլոր ենթակառոյցները, ինչպէս ճամբաներ, խողովակաշարեր եւ այլն, զորս երկու երկիրները պիտի կարենան օգտագործել փոխադարձաբար։

Սակայն, այս դրական զարգացումներուն զուգահեռ, Միրզոյեան հաստատած է, որ Պաքու կը շարունակէ նախապայմաններ ներկայացնել խաղաղութեան վերջնական պայմանագիրը ստորագրելու համար։ Ըստ Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Սարգիս Խանդանեանի՝ խնդրոյ առարկայ նախապայմանը կը վերաբերի Հայաստանի սահմանադրութեան փոփոխութեան։

Իսկ ինչ կը վերաբերի «Զանգեզուրի միջանցք» եզրի գործածութեան, Խանդանեան նշած է, որ Գոփընհակընի մէջ երկու երկիրներու ղեկավարներուն՝ TRIPP եզրին շուրջ համաձայնութեամբ «կարելի է այս հարցը փակուած նկատել»։

Նախարար Միրզոյեան նաեւ նշած է, որ Հայաստան ու Միացեալ Նահանգներ պիտի հիմնեն միացեալ ընկերութիւն մը՝ TRIPP ծրագիրը իրագործելու համար։

Համատեղ ընկերութիւնը պիտի գործէ որպէս «Թրամփի ուղի»-ի գլխաւոր կառուցող եւ շահագործող, եւ նաեւ պիտի կարենայ ներգրաւել երրորդ կողմի ընկերութիւններ՝ երկաթուղիներու, խողովակաշարերու եւ ելեկտրահաղորդման ցանցերու կառուցման եւ պահպանման համար, – յայտարարած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարը։

Մենք արդէն իսկ սկսած ենք քննարկումները մեր ամերիկացի գործընկերներուն հետ։ Կը կարծեմ, թէ պիտի կրնանք աւարտին հասցնել այս գործընթացը յառաջիկայ ամիսներուն, որմէ ետք աշխատանքները պիտի սկսին,– աւելցուցած է ան։