ԱՄՆ-ու հայ համայնքի շարք մը կազմակերպութիւններ ու անհատներ Ապրիլ 30-ին կառքերով մեծ երթի մը նախաձեռնած են Լոս Անճըլըսի մէջ՝ յաջակցութիւն «Դիմադրութիւն» շարժումին։
Նախաձեռնութեան մասնակիցները որոշ ժամանակ փակած են փողոցներ, Ազէրպայճանի եւ Թուրքիոյ հիւպատոսարաններուն առջեւ յայտարարած, որ հայ ժողովուրդը վճռականօրէն պիտի պաշտպանէ Արցախահայութեան ինքնորոշման ու ազատ ապրելու իրաւունքը: Անոնք նշեալ հիւպատոսարաններուն առջեւ բարձրացուցած են Արցախի դրօշը՝ յայտարարելով, որ Արցախը որեւէ պարագայի մաս պիտի չկազմէ Ազերպայճանի, եւ Ալիեւ ու Էրտողան իրենց հետ գերեզման պիտի տանին իրենց այդ երազանքը:
Կառքերով երթի մասնակիցները Թուրքիոյ հիւպատոսարանին առջեւ յայտարարած են, որ յարաբերութիւններուն՝ նման ձեւով կարգաւորման գործընթացին դէմ են, քանի որ «ատոր միջոցով Փաշինեան զոհասեղանին կը դնէ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հայոց պահանջատիրութեան հարցը, Հայաստանը տանի թրքացման»:
“Այսօրուան երթը ունի մէկ պատգամ՝ ազատել Արցախը, ապահովել Հայաստանը՝ հեռացնելով այսօրուան չարիքի իշխանութիւնները: Երթը Լոս Անճըլըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսութեան առջեւ կը պահանջէ Փաշինեանի կառավարութեան անյապաղ հեռացումը: Երթով մենք մեր աջակցութիւն կը յայտնենք այս օրերուն Հայաստանի մէջ պայքարող մեր հայրենակիցներուն, այն հայորդիներուն, որոնք փողոց իջած են Հայաստանի եւ Արցախի փրկութեան համար: Այս օրը հայութիւնը յայտարարած է Արցախի պաշտպանութեան եւ հայաստանի թրքանպաստ իշխանութիւններու հեռացման պայքարին աջակցելու օր”, – յայտարարած է ՀՅԴ Արեւմտեան ԱՄՆ-ու կառոյցի անդամ Վիգէն Սոսիկեան՝ աւելցնելով, որ երթի մասնակցիներուն թիւը հետզհետէ աւելացած է:
Կառքերով երթը այնուհետեւ ուղղուած է դէպի Լոս Անճըլըսի մէջ ՀՀ հիւպատոսութիւն, ուր տեղի ունեցած է հանրահաւաք՝ ընդդէմ Փաշինեանի իշխանութեան:
“Երթով մենք միջազգային հանրութեան ուղերձ յղեցինք, որ Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւնները կը ներկայացնեն ո՛չ Սփիւռքը, ո՛չ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը: ՀՀ իշխանութիւնները ոչ մէկ իրաւունք ունին խօսելու վերջիններուս անունով: Հետեւաբար՝ այդ իշխանութիւններու որեւէ պայմանագիր կամ գործարք մենք կը համարենք անվաւեր ու անարժէք”,– Լոս Անճըլըսի մէջ ՀՀ հիւպատոսարանին առջեւ տեղի ունեցած հաւաքին յայտարարած է ՀՅԴ Արեւմտեան ԱՄՆ-ու կառոյցի անդամ, իրաւաբան Ռոպէր Մարգարեան: