ԱՄՆ-ու ծերակուտականներ Քերոլին Մալոնի եւ Կուս Պիլիրաքիս Գոնկրէսին ներկայացուցած են Հայոց ցեղասպանութեան ուսուցման վերաբերեալ երկկուսակցական օրինագիծ մը՝ նկատի ունենալով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման փաստը՝ ԱՄՆ Գոնկրէսին եւ նախագահին կողմէ։
Գոնգրէսի՝ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման զոյգ բանաձեւերուն վրայ հիմնուած օրինագծին նպատակն է յառաջիկայ հինգ տարիներու ընթացքին 10 միլիոն տոլար ապահովել Գոնկրէսի գրադարանին՝ Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան, դասերու, հանգամանքներու եւ անոր ներկայի դրսեւորումներուն վերաբերեալ կրթական ծրագրեր մշակելու համար։ Այդ կրթական ծրագրերը յատկապէս պէտք է անդրադառնան օսմանեան Թուրքիոյ ծրագրած եւ պետական հովանաւորութեամբ գործադրած՝ Հայերու, Յոյներու, Ասորիներու, Սուրիացիներու, Քաղդէացիներու, Արամէացիներու, մարիոնիթներու եւ քրիստոնեայ այլ փոքրամասնութիւններու զանգուածային սպանութիւններուն, տեղահանութիւններուն եւ մշակութային ժառանգութեան բնաջնջումին 1915-էն 1923։
«Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբը շնորհակալութիւն կը յայտնէ ծերակուտականներ Մալոնիին և Պիլիրաքիսին, կ՚ողջունէ այս խոհեմ եւ ճիշդ ժամանակին ներկայացուած օրինագիծը, որ առաջադրուած է ԱՄՆ-ու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Ազէրպայճանի ու Թուրքիոյ կողմէ ցեղասպանութիւնը աւարտին հասցնելու ջանքերու ենթահողին վրայ։ Այս օրինագիծը պատասխանատու յաջորդ քայլն է, որ հիմնուած է ամերիկեան յիշողութեան վրայ եւ կը զգուշացնէ Ամերիկացիները ցեղասպանութեան մնայուն սպառնալիքին մասին, երաշխաւորելով որ՝ ապագայ սերունդները օգտուին այս ոճիրին դասերէն: Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբը կ՚աջակցի այս օրինագիծին եւ անհամբեր կը սպասէ Գոնգրէսին կողմէ անոր ընդունման ու նախագահին կողմէ վաւերացման»,– նշուած է այս առթիւ հրապարակուած Հայ դատի յանձնախումբին հաղորդագրութեան մէջ։