Ամերիկեան կառավարութիւնը արտօնութիւն տուած է Հայաստանի մէջ գերհամակարգիչի կառուցման անհրաժեշտ՝ Nvidia-ի չիփերու արտածման։ Լրագրողներուն հետ կարճ զրոյցի մը ընթացքին վարչապետը տեղեկացուցած է, որ այդ ծրագիրը կ՚իրականանայ Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած մտադրութիւններու յուշագրի շրջանակին մէջ։
“Ես վերջերս առիթ ունեցայ նախագահ Թրամփի հետ խօսելու այդ հարցին շուրջ. ընթացակարգերուն հետ կապուած որոշակի մտահոգութիւններ ունէին ներդրողները, ուրախ եմ եւ շնորհակալ եմ, որ Սպիտակ տունը պատշաճ եւ շատ արագ արձագանգեց եւ այդ ներդրումային ծրագիրը արդէն, ըստ էութեան, վստահաբար կեանքի պիտի կոչուի”,– ըսած է Փաշինեան։ Ան ընդգծած է, որ ներդրումային այդ ծրագիրը խիստ կարեւոր նշանակութիւն ունի արհեստագիտական ոլորտին համար։
“Ես վերջերս առիթ ունեցայ նախագահ Թրամփի հետ խօսելու այդ հարցին շուրջ. ընթացակարգերուն հետ կապուած որոշակի մտահոգութիւններ ունէին ներդրողները, ուրախ եմ եւ շնորհակալ եմ, որ Սպիտակ տունը պատշաճ եւ շատ արագ արձագանգեց եւ այդ ներդրումային ծրագիրը արդէն, ըստ էութեան, վստահաբար կեանքի պիտի կոչուի”,– ըսած է Փաշինեան։ Վարչապետը ընդգծած է, որ ներդրումային այդ ծրագիրը խիստ կարեւոր նշանակութիւն ունի արհեստագիտական ոլորտին համար։
Արհեստական Բանականութեան (ԱԲ) արհեստագիտութիւններ մշակող Firebird սթարթափը ստացած է Nvidia-ի չիփերը Հայաստան արտածելու ԱՄՆ-ու կառավարութեան հաւանութիւնը։ Այդ թոյլ պիտի տայ կեանքի կոչել Հայաստանի մէջ գերհամակարգիչի ստեղծման ծրագիրը, որ ԱԲ ենթակառոյցներու ընդլայնման համընդհանուր նախաձեռնութեան մէկ մասն է։
Ճիգերը, որոնց մասին Nvidia-ն յայտարարած էր դեռ Յունիսին, պիտի թոյլ տան ստեղծել տարածաշրջանի մէջ ԱԲ տուեալներու մշակման առաջին հսկայածաւալ կեդրոնը։ 100 մեկավաթ հզօրութեամբ սարքը, որուն սկզբնական ներդրումներու ծաւալը պիտի կազմէ 500 միլիոն տոլար, պիտի օգտագործէ Dell Technologies ընկերութեան ԱԲ սերվըրներ ու Nvidia-ի Պլէքուէլ (Blackwell) փրոսեսըրներ։ Առաջին փուլին սկիզբը նախատեսուած է գալ տարուան երկրորդ եռամսեային։ Այս մասին յայտնած է Firebird-ի համահիմնադիր Ռազմիկ Յովակիմեան։
Firebird-ի հզօրութիւններուն մօտ 20 տոկոսը պիտի օգտագործեն հայաստանեան ընկերութիւնները, մնացած 80 տոկոսը պիտի վաճառուին տարածաշրջանին մէջ գործունէութիւն ծաւալող ամերիկեան ընկերութիւններուն։ Առաջին փուլը պիտի գանձատրուի Firebird-ի փոխառութեանց միջոցներով ու բաժնետիրական դրամագլուխով։ Յովակիմեան յայտնած է, որ ընկերութեան կ’աջակցի նաեւ Moderna-ի համահիմնադիր Նուպար Աֆէեան։
Firebird-ը Nvidia-ի բազմաթիւ գործընկերներէն է, որոնք կը ձգտին տուեալներու մշակման հզօր կեդրոններ ստեղծել այլ տարածաշրջաններու մէջ։ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան հաստատումը տեղի ունեցած է ԱԲ առաջադէմ չիփերու արտածման սահմանափակումներու թուլացման ենթախորքին, մինչ՝ այդ չիփերու արտածումը մինչեւ վերջերս ենթակայ էր շատ խիստ ընթացակարգի։