«Թրամփի ուղի» նախագծի շրջանակին մէջ ԱՄՆ մտադիր է Հայաստանին 145 միլիոն տոլար աջակցութիւն տրամադրելու: Այդ մասին Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի հետ հանդիպումին տեղեկացուցած է Երեւան ժամանած ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ գրասենեակի ղեկավար Պրենտան Հենրեհէն:
“Սա գանձատրման առաջին մասնաբաժինն է ուղղուած «Թրամփի ուղի՝ հանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» նախագծին եւ Օգոստոս 8-ին ձեռք բերուած յարակից համաձայնութիւններու իրագործման՝ առեւտուրի, ենթակառոյցներու, կարեւորագոյն հանքանիւթերու մատակարարման շղթաներու եւ միջսահմանային անվտանգութեան ասպարէզներուն մէջ ներդրումներու միջոցով”,– նշած է Հենրեհէն:
Մինչ ԱՄՆ արդէն կը յայտարարէ «Թրամփի ուղի»-ի գանձատրման մասին, Հայաստանի մէջ այս նախագծի մանրամասնութիւններուն շուրջ կը շարունակէ տիրել անորոշութիւն:
Այսպէս, յայտնի չէ, թէ որքա՞ն պիտի ըլլայ գանձատրան յաջորդ մասնաբաժինը, եւ ընդհանուր այս նախագծի գանձատրումը ի՞նչ գումար պիտի կազմէ: Պարզ չէ նաեւ թէ ԱՄՆ-ու յատկացնելիք այս աջակցութիւնը ի՞նչ կարգով պիտի տրամադրուի՝ դրամաշնո՞րհ է, թէ՞ ներդրումներու մասին է խօսքը: Նոյնպէս յայտնի չէ, թէ նշուած եւ չնշուած գումարներուն դիմաց որո՞նք ենք ամերիկեան ակնկալութիւնները…
Սեպտեմբեր 12-ին, խորհրդարանին մէջ ընդդիմադիրները հարցումներ յղած են Պետական եկամուտներու յանձնախումբի նախագահին, թէ յատկապէս Ազերպայճանցիները ի՞նչ կարգով պիտի անցնին Հայաստանի տարածքէն, արդեօք հայաստանցի մաքսաւորնե՞ր պիտի գործեն այդ ճամբուն վրայ: Պետական եկամուտներու յանձնախումբի նախագահ Էդուարդ Յակոբեան վստահեցուցած է, որ «Թրամփի ուղի»-ն կ՚ենթադրէ մաքսային ծառայութեան առկայութիւն, բայց թէ ի՞նչ կարգով, ինք ալ տեղեակ չէ:
“Այո՛, եւս մէկ անգամ վերահաստատում եմ, որ մաքսային ծառայութիւնն այդտեղ գործելու է, ինչ վերաբերում է մանրամասներին, դրանք դեռ քննարկման առարկայ են: Այնուամենայնիւ, անկախ դրանից, մենք բոլոր սահմաններին դիւրացման ուղղութեամբ բարեփոխումներ ենք անում”,– ըսած է Յակոբեան:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։