ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս թուիթըրեան իր էջին գրած է.- «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները Ազերպայճանին կոչ կ՚ընէ վերականգնել ազատ տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով։ Լաչինի միջանցքի փակումը ծանր հետեւանքներ կ՚ունենայ եւ խոչընդոտ կը հանդիսանայ խաղաղութեան գործընթացին։ Յառաջանալու ճանապարհը բանակցութիւններն են»։