Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ ԱՄՆ—ու Ներկայացուցիչներու պալատի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը ընդունած է Արտաքին գործոց նախարարութեան 2026-ի ֆինանսական տարուան պատժամիջոցներու մասին օրինագծի փոփոխութիւնները, ուր նախարարութիւնը կոչ կ՚ընէ ազատ արձակելու Պաքուի մէջ պահուող հայ ռազմագերիները, պաշտպանելու Արցախի մէջ հայկական կրօնական եւ մշակութային ժառանգութիւնը եւ աջակցելու բռնի տեղահանուածներու վերադարձի իրաւունքին։
Քննարկման ընթացքին ներկայացուցիչ Կեյպ Ամօ ընդգծած է, որ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան ճանապարհին կարեւոր է նաեւ մարդասիրական հարցերու բարձրացումն ու լուծումը։
“Հայկական կրօնական եւ պատմական յուշարձանները կը շարունակեն աւերուիլ։ Հայ ռազմագերիները դեռ կը պահուին Ազերպայճանի մէջ։ Աւելի քան 120 հազար հայ գաղթականներ դեռ չեն կրնար ապահով վերադառնալ Լեռնային Ղարաբաղի իրենց տուները”,– ընդգծած է ան։
Յանձնաժողովը քննարկած է նաեւ Գոնկրէսի հայկական յանձնախումբի փոխնախագահ Պրետ Շերմանի առաջարկած փոփոխութիւնները, որոնցմով կը նախատեսուէր ջնջել նախագահի լիազօրութիւնները, որոնք թոյլ կու տան անոր հրաժարիլ Ազերպայճանին ԱՄՆ—ու ռազմական օգնութիւնը արգիլող յօդուածէն։ Մէկ այլ փոփոխութեամբ կ՚առաջարկուէր արգիլել ամերիկեան միջազգային ընկերութիւններուն՝ գանձատրել թրքական ծրագրերը, ցորչափ Թուրքիա վերջ չի դներ Հայաստանի շրջափակման։
Շերմանի առաջարկած այս փոփոխութիւնները ձայներու փոքր տարբերութեամբ չեն ընդունուած, սակայն անոնք լայն քննարկման արժանացած են յանձնաժողովի նիստին։