Այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ազերպայճան» համայնքի նախագահ, երեսփոխան Ազիզ Ալաքպերլի յայտարարած է, թէ Ուաշինկթընի մէջ Իլհամ Ալիեւի եւ Նիկոլ Փաշինեանի ստորագրած հռչակագիրը միջպետական յարաբերութիւնները կարգաւորող փաստաթուղթ մըն է, իսկ իր ղեկավարած «համայնք»-ը կը գործէ միջազգային համաձայնագրերով ամրագրուած՝ «արեւմտեան ազերպայճանցի»-ներու վերադարձի իրաւունքը ապահովելու ուղղութեամբ։ “Այս առումով Համայնքի գործունէութիւնը ուղղակի կապ չունի միջպետական յարաբերութիւններու եւ խաղաղութեան համաձայնագրին հետ”,– ըսած է ան եւ աւելցուցած, թէ «Համայնք»-ը կը յուսայ որ խաղաղութեան օրակարգի յառաջընթացը պայմաններ կը ստեղծէ «արեւմտեան ազերպայճանցիներու՝ պատմական հողեր վերադարձին համար»։
“Մեր գործունէութիւնը մեր պատմական հողեր խաղաղ վերադարձի նպատակ կը հետապնդէ։ Համայնքը երբեք դէմ չէ եղած Հայաստանի ինքնիշխանութեան կամ տարածքային ամբողջականութեան։ Ինչպէս ընդգծած է պարոն նախագահը (ակնարկը կը վերաբերի Ազերպայճանի նախագահին), մենք Արեւմտեան Ազերպայճան կը վերադառնանք ո՛չ թէ հրասայլերով, այլ կառքերով: Արեւմտեան Ազերպայճանի համայնքը պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը այս նպատակին հասնելու համար”,– ընդգծած է Ազիզ Ալաքպերլի։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։