Ազերպայճանի մէջ Թուրքիոյ նախկին դեսպան Հուլուսի Քըլըչ Azertac-ին տուած հարցազրոյցին յայտարարած է, թէ «Թուրք-հայկական սահմանի բացման վերաբերող ապատեղեկատւութիւն տարածելու միջոցով հասարակական կարծիքը շահարկելու փորձերը դատապարտուած են ձախողութեան»։
Ըստ Քըլըչի՝ «թուրք-հայկական սահմանի անցակէտի բացման մասին կեղծ տեղեկութիւններու ետին կանգնած են Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի միասնութեամբ եւ սերտ համագործակցութեամբ մտահոգուած շրջանակները: Որոշ լրասփիւռներու պնդումները, որ իբրեւ թէ Անգարա բացած է Հայաստանի հետ սահմանը՝ առանց այդ մասին Պաքուն տեղեկացնելու, նպատակ ունի վնասելու Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի եղբայրութեան»։ Ան վստահեցուցած է թէ թրքական իշխանութիւնները ազերպայճանական կողմին հետ սերտօրէն կը համակարգեն եւ կը քննարկեն Երեւանի հետ կապուած որեւէ քայլ։
Թուրքիոյ նախկին դեսպանը յիշեցուցած է Թուրքիոյ իշխանութիւններու բազմիցս կատարած յայտարարութիւնները՝ Հայաստանի նկատմամբ իրենց դիրքորոշման մասին։ “Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման հոլովոյթը կրնայ արդիւնաւէտ ըլլալ մի՛այն Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հաստատումէն ետք”,– ըսած է Քըլըչ:
Ան նաեւ մէջբերած է Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմի հաղորդակցութեանց վարչութեան առընթեր Ապատեղեկատւութեան դէմ պայքարի կեդրոնի (DMM) յայտարարութեան բնագիրը՝ Սուրիա մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու համար «Մարգարա» անցակէտի առժամեայ բացման մասին։
«DMM» յայտնած է, որ 2025 Փետրուար 24-ին Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բարելաւման հարցերու Թուրքիոյ բանագնաց, դեսպան Սերտար Քըլըչ տեղեկացուցած է Անգարայի մէջ Ազերպայյճանի դեսպան Ռաշատ Մամետովը՝ Սուրիա մարդասիրական օգնութիւն ուղարկելու Հայաստանի իշխանութիւններու մտադրութեան մասին, իսկ 2025 Փետրուար 26-ին Երեւանի այդ նախաձեռնութեան մասին տեղեակ պահուած է Անգարա գտնուող Ազերպայճանի նախագահի օգնականը՝ Հիքմէթ Հաճիեւը։
“Այս ամէնը անգամ մը եւս կը հաստատէ Անգարայի եւ Պաքուի միջեւ գործողութիւններու համակարգումը”,– ըսած է Քըլըչ՝ աւելցնելով, որ «ո՛չ ոք կրնայ սեպ խրել երկու եղբայրական երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։