Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ 2025 Յունիս 10–14 տեղի ունեցած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան կրօնական ու քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստերը:
Նուիրապետական Աթոռներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ յարաբերութիւններ» օրակարգին տակ, ժողովը յատուկ կերպով քննարկած է Հայաստանի իշխանութիւններու ձեռնարկած յարձակողապաշտ վերաբերումը՝ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին եւ Սուրբ Էջմիածինի բարձրաստիճան հոգեւորականներուն դէմ: Այս առումով, ժողովը արձանագրած է.
ա) Պետութիւն-եկեղեցի յարաբերութիւններու մասին Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան համապատասխան կէտերը ճշդած են հիմնադրոյթներ, որոնք հիմնականին մէջ կը սահմանեն անոնց անջատ ըլլալը, հետեւաբար, նաեւ՝ եկեղեցւոյ անկախութիւնը: Սահմանադրութեան կը հակասէ նման միջամտութիւններ կատարելով հարցերու արծարծումը:
բ) Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներու վերաբերող հարցերը կը քննուին եկեղեցական կանոնագրութեան համաձայն: Արդ, եկեղեցւոյ ու եկեղեցականներու առնչուած հարցերու գծով միջամտելու որեւէ իրաւական հիմք չունի պետութիւնը:
գ) Խստօրէն դատապարտելի է եկեղեցական հարցերուն հրապարակային քննարկման համար օգտագործուած ոճը:
դ) Հայրենիքին դիմագրաւած գոյաբանական խնդիրներուն ու անոր անվտանգութեան սպառնացող իրավիճակին դիմաց, անհրաժեշտ է նպատակաուղղուած աշխատիլ Հայրենիքի գոյութեան սպառնացող վտանգներու դիմակայման ընդառաջ, մերժելով նման բաժանարար ու պառակտիչ փորձեր:
ե) «Մէկ ազգ, մէկ եկեղեցի» սկզբունքէն մեկնած, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, ինչպէս միշտ, այս փուլին եւս կը զօրակցի Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան՝ մերժելով անոր դէմ կատարուած որեւէ ոտնձգութիւն:
Ժողովական աշխատանքներու աւարտին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդգծած է մեր Հայրենիքը ու ազգը դիմագրաւող տագնապներուն դիմաց մեր գերագոյն ու ընդհանրական արժէքներու ու իտէալներու շուրջ համախմբուելու կարիքը՝ հեռու ներքին բեւեռացումներ յառաջացնող քայլերէ:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։