Աննա Յակոբեան Չինաստանի մէջ լուսանկարուած է Ալիեւի եւ Էրտողանի կանանց հետ։
Դիմագիրքի իր էջին ան գրառած է, թէ մասնակցած է Չինաստանի առաջին տիկնոջ ընդունելութեան եւ այնուհետեւ նաւապտոյտ կատարած է Հայհէ գետի երկայնքին՝ ծանօթանալու Թիանճին քաղաքի տեսարժան վայրերուն։
Ազերպայճանական լրասփիւռները այդ պտոյտէն լուսանկարներ հրապարակած են։