Գրող, լրագրող Անուշ Սարգսեանի «Անոն» պատմուածքներու ժողովածուն Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի նախարարութեան օժանդակութեամբ եւ Հայաստանի Ազգային գրադարանի «Հայ գրականութիւնը թարգմանութիւններու մէջ» ծրագրի շրջանակէն ներս թարգմանուած է ռումաներէն եւ արաբերէն լեզուներով։
2021-ին հայերէն լոյս տեսած հատորին հիմնական հերոսները նոյն ընտանիքի տարբեր սերունդներու կիներ են՝ ժամանակի իրենց սեփական զգացողութեամբ։
Հեղինակին սոյն գիրքը երեւանեան երրորդ փառատօնի «Արձակ» անուանակարգին մէջ շահած է առաջին մրցանակը։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։