Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԱՊՈՒ ՏՀԱՊԻ – Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի տնօրէնը մասնակցած է կլոր սեղաններու եւ առանձին քննարկումներու

Յուլիս 2–3, Ֆրանսայի Ժառանգութեան ազգային հիմնարկին հրաւէրով՝  Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի տնօրէն Դաւիթ Պօղոսեան՝ Ապու Տհապիի մէջ մասնակցած է «Museo Pro» միջազգային վերապատրաստութեան ծրագրի շրջանակէն ներս ընթացող մասնագիտական կլոր-սեղաններու եւ առանձին քննարկումներու։

«Մշակութային հիմնարկներու կառավարում․ ռազմավարութիւն եւ քաղաքականութիւն» նիւթին շուրջ իր ելոյթին Պօղոսեան ներկայացուցած է Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի վերջին տարիներու գործունէութիւնը, նուաճումներն ու դժուար պահերը յաղթահարելու փորձառութիւնը։

Դ. Պօղոսեան Յուլիս 4-ին այցելած է «le Louvre Abu Dhabi» թանգարանը եւ հանդիպում ունեցած թանգարանի տնօրէնին եւ այլ պատասխանատուներու հետ։ Քննարկուած են երկուստեք գործակցութեան կարելիութիւնները։