Փարիզի մերձակայ Իսի-Լէ-Մուլինօ քաղաքին մէջ Ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ ֆրանքեւհայկական բարեկամութեան յուշակոթողին առջեւ։
Ներկայ էին քաղաքապետ Անտրէ Սանթինի, փոխքաղաքապետ Արթուր Խանճեան, ծերակուտական Հերվէ Մարսէյ, Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Գրիգոր վարդապետ Խաչատրեան, շրջանի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Աւետիս աւ. քհնյ Պալըգեան, հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ վերապատուելի Ժոէլ Միքայէլեան, Հայաստանի դեսպանութեան եւ հայ համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, սկաուտներ եւ Իսի-լէ-Մուլինոյի ու յարակից քաղաքներու բնակիչներ։
Մասնակիցները եկեղեցւոյ բակէն յիշատակի երթով ուղեւորուեցան դէպի յուշակոթողը, ուր հնչեցին Հայաստանի եւ Ֆրանսայի փառերգերը եւ ծաղկեպսակներ զետեղուեցան՝ սրբադասուած նահատակներու յիշատակին։
Այնուհետեւ ելոյթներով հանդէս եկան Անտրէ Սանթինի, Արթուր Խանճեան, Հայաստանի դեսպանութեան առաջին քարտուղար Վարդուհի Սահակեան, Ֆրանսայի թեմի առաջնորդը եւ վերապատուելի Ժոէլ Միքայէլեան։