Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄՆԵՐ. Փարիզի հաւաքը

Ընդառաջելով Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի՝ CCAF-ի տուած ժամադրութեան՝ Ապրիլ 24-ի յետմիջօրէի առաջին ժամերուն, շուրջ չորս հազար Հայեր համախմբուած էին անցեալ տարի Փարիզի քաղաքապետուհի Անն Հիտալկոյի նախաձեռնութեամբ՝ «Հայաստանի բացատ» վերանուանուած տարածքին գտնուող Կոմիտասի արձանին շուրջ։ Կ՚արժէ նշել, որ ի տարբերութիւն նախորդ տարիներու աւանդական անձրեւ-փոթորիկներուն, այս տարուան ժամադրութեան ներկայ էր նաեւ պայծառ արեւը, իր տաք շողերով։ 

Ոգեկոչման այս ձեռնարկին մասնակցեցան հայ եւ ֆրանսացի բազմաթիւ անձնաւորութիւններ, ինչպէս Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան, Ֆրանսայի մէջ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, ԻՒՆԷՍՔՕ-ի եւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան մէջ ՀՀ դեսպան Քրիսթիան Տէր Ստեփանեան, Փարիզի քաղաքապետուհիի կցորդներ՝ Անոյշ Թորանեան եւ Առնօ Նկաչա, Իսիի քաղաքապետի կցորդ Արթիւր Խանճեան, բայց նաեւ,– հակառակ ընտրական օր ըլլալուն,– նախագահական ընտրութիւններուն «Հանրապետականներ» կուսակցութեան թեկնածու եւ Իլ-տը-Ֆրանսի Շրջանային խորհուրդի նախագահուհի Վալերի Փեքրէս, նոյն ընտրութիւններուն՝ Ընկերվարական կուսակցութեան թեկնածու եւ Փարիզի քաղաքապետուհի Անն Հիտալկօ, Կառավարութեան բանբեր Կապրիէլ Աթալ, Ծերակոյտի փոխնախագահ Ռոժէ Քարուչի, Վալ-տ՚Ուազի երեսփոխան Ֆրանսուա Փիւփոնի, Վալ-տը-Մառնի երեսփոխանուհի Իզապէլ Սանթիակօ, Փարիզի երեսփոխան Սիլվէն Մայառ, եւրոերեսփոխաններ Նաթալի Լուազօ եւ Ֆրանսուա-Զաւիէ Պելամի, Փարիզ 8-րդի թաղապետուհի Ժանն տ՚Հոթսէռ եւ ուրիշներ։

Արարողութիւնը սկսաւ ժամը 15.30-ին, Կոմիտասի արձանին առջեւ ծաղկեփունջերու զետեղումով։ 

Ապա, մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգուեցաւ բոլոր հայ անմեղ զոհերու յիշատակը։ 

Այնուհետեւ, յաջորդաբար ելոյթներ ունեցան CCAF-ի համանախագահներ Արա Թորանեան, Մուրատ Փափազեան, ապա Վալերի Փեքրէս եւ հուսկ՝ Անն Հիտալկօ։

Թորանեան իր խօսքին մէջ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսային, որ թեւաբաց ընդունեց Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրածները, եւ հաստատեց այս ազգային «Ոգեկոչման օր»-ը։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ մարդկային իրաւանց, ընկերակցութիւններու, քաղաքական կազմակերպութիւններու ու կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն, լրագրողներուն, մտաւորականներուն, աւելցնելով. «Ձեր ներկայութիւնը էական քաղաքական աջակցութիւն է այնպիսի պահու մը, երբ հայ ժողովուրդի գոյութեան իրաւունքը, իր պատմական հողերուն վրայ, կրկին վտանգուած է անոնց կողմէ, որոնք որոշեցին, պատուիրեցին եւ գործադրեցին 1915-ի ցեղասպանութիւնը, զոր մենք այսօր կ՚ոգեկոչենք»։ Ապա ըսաւ, որ ոչ մէկ տարբերութիւն կայ 1915-ին Ցեղասպանութիւնը պատուիրած «Երիտթուրքեր»-ու կառավարութեան եւ Էրտողանի միջեւ, որ այսօր,– իր գործընկեր Ալիեւի հետ,– այդ ցեղասպանութիւնը աւարտին հասցնելու միտող գործը կազմակերպողն է։ 

Թորանեան իր ելոյթին մէջ նաեւ զգուշացուց անցեալին գործուած ոճիրները մոռացութեան մատնելու մեծ վտանգին դէմ, նշելով. “Այնպիսի պահու մը, երբ արիւն կը հոսի եւրոպական ցամաքամասին վրայ, ի հարկէ արդար կրնայ թուիլ հարցականի տակ դնել նպատակայարմար բնոյթը նման հաւաքի մը՝ ոգեկոչելու համար հարիւր տարի առաջուան ցեղասպանութիւն մը: Այս հարցը բնականաբար կրնայ ծագիլ. բայց միթէ նման դատողութիւն պիտի չնշանակէ՞ր մոռնալ, որ այսօր գործուած ոճիրները կը սնին երէկ գործուածներու նկատմամբ մոռացումէ, որ անոնք կը սնին երէկուաններու անպատժելիութենէն: Արդեօք ատիկա պիտի չնշանակէ՞ր մոռնալ, որ անլուր անտարբերութիւնը, որ պատեց թուրք-ազերպայճանական յարձակումը Արցախի վրայ, կրնայ միայն խրախուսած ըլլալ Ուքրաինայի դէմ սանձազերծուած պատերազմը, ինչպէս յստակօրէն կը նշուէր քանի մը օր առաջ հրապարակուած Freedom House-ի զեկոյցին մէջ եւս”։

“Յիշելը՝ նախազգուշացնել է, իսկ դատապարտելը՝ պաշտպանել”,– խօսքերով ան աւարտեց իր ելոյթը։ 

Յաջորդ ճառախօսը՝ Մուրատ Փափազեան իր ելոյթին մէջ յատկապէս շեշտը դրաւ գազանաբարոյ ոճիրին՝ Հայոց ցեղասպանութեան՝ իր հեղինակներուն՝ թրքական կառավարութեան կողմէ ուրացման երեւոյթին վրայ։ Ապա, ըսաւ թէ՝ Թուրքիա ստանձնելով հանդերձ այդ ժամանակաշրջանը, կ՚ուրանայ Ցեղասպանութիւնը. յստակօրէն կը ստանձնէ, քանի որ այդ ոճիրին հեղինակը՝ Թալէաթ փաշան՝ թուրք Հիթլէրը կը պանծացուի Թուրքիոյ մէջ, ուր անոր յիշատակին դամբարան մը թառած է Պոլսոյ Ազատութեան բարձունքին վրայ, երկրին մեծագոյն քաղաքներու պողոտաներ, փողոցներ կը կրեն անոր անունը։ “Կը կրկնեմ՝ Թալէաթ թուրք Հիթլէրն է։ Բայց ատիկա կ՚անհանգստացնէ ոչ ոքի: Կրնա՞ք երեւակայել՝ Հիթլէրի դամբարաններ, պողոտաներ կամ փողոցներ Գերմանիոյ մէջ կամ այլուր: Անշուշտ որ՝ ո՛չ եւ բարեբախտաբար՝ ո՛չ: Գերմանիա ձեռնարկեց իր ապանացիականացման, մինչդեռ Թուրքիա կ՚ամրապնդէ 1915-ի իր վարդապետութիւնը՝ փանթրքութիւնը”,– ըսաւ ան, եզրակացնելով՝ “Թուրքիա կը ստանձնէ, որովհետեւ Էրտողան Թալէաթի ժառանգորդն է”։ 

Ապա, ան խօսեցաւ Հայաստանի ու Արցախի ապահովութեան մասին, հաստատելով որ՝ այդ ուղղութեամբ պայքարը մեր առաջնահերթութիւններէն է։ Աւելցուց, որ Արցախի անկախութեան ճանաչումը կանխարգելիչ քայլ մըն է եւ յոյս յայտնեց որ՝ Մինսքի խումբին համանախագահ, Հայաստանի դաշնակից Ֆրանսա այս հարցով միջազգային ժողով մը կը կազմակերպէ։ 

Յիշելով Էրտողանի՝ տարիներէ ի վեր ունեցած գրգռիչ, դրդիչ, առնուազն խնդրայարոյց արտայայտութիւնները, որոնք ուղղակի կ՚առնչուին Ֆրանսայի ներքին հարցերուն, նա՛եւ նախագահ Մաքրոնի հասցէին անոր ունեցած նուաստացուցիչ արտայայտութիւնները, Փափազեան պնդեց, որ յառաջիկայ ամիսներուն, տարիներուն, ենթական Ֆրանսայի համար ալ պիտի մնայ լուրջ խնդիր մը, ու աւելցուց որ՝ պէտք չէ անոր թոյլ տալ շարունակել այդպէս։

“Չի՛ բաւեր դիմադրել: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է հակայարձակիլ, դատապարտե՛լ, քօղազերծե՛լ։ Պէտք է շարժման անցնիլ յանուն այն արժէքներուն, զորս մենք կը պաշտպանենք:

Այսօր՝ 2022 Ապրիլ 24-ին, հոս՝ Փարիզի մէջ, Կոմիտաս Վարդապետի արձանի ստուերին տակ, մենք բոլորս մեր յանձնառութիւնը կը յայտնենք շարունակելու մեր պայքարը մինչեւ վերջնական յաղթանակ։ Ճշմարտութեա՛ն եւ արդարութեա՛ն յաղթանակը. ազատութեա՛ն եւ ժողովրդավարութեա՛ն յաղթանակը. Ֆրանսայի խորհրդանշած լուսաւոր արժէքներու յաղթանակը։

Մենք ատիկա պարտական ենք 1915-ի Ցեղասպանութեան 1.500.000 զոհերուն”,– խօսքերով Մուրատ Փափազեան եզրափակեց իր ճառը։ 

Անոր յաջորդեց Վալերի Փեքրէս։ Իլ-տը-Ֆրանսի նախագահուհին յատկապէս յիշեց Արցախի մղած հայապահպանման, գոյութենական պայքարը, յիշելով՝ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին իր գլխաւորած Շրջանին՝ տուժածներուն ցուցաբերած մարդասիրական օժանդակութիւնը, Շրջանային խորհուրդին կողմէ Արցախի անկախութեան միաձայնութեամբ ճանաչումը եւ այլն։ Ան հաստատեց որ՝ հակառակ Ալիեւի իրեն հասցէագրած սպառնալիքներուն, ինք երբեք պիտի չդադրի իր զօրակցութիւնը ցուցաբերելէ Արցախին, քանի որ “պաշտպանել Արցախը կը նշանակէ պաշտպանել ժողովուրդ մը, արժէքներ, սերտ բարեկամութիւն մը, կրօնական ազատութիւն, Արեւելքի քրիստոնեաները եւ ի վերջոյ՝ մե՛ր քաղաքակրթութիւնը։ Ֆրանսա իր ամէն կարելին ի գործ պէտք է դնէ ձեռք ձգելու համար ռազմագերիներու ազատ արձակումը, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան պայմանագիր մը”,– ըսաւ ան ու այս հարցերու քննարկման համար ալ յոյս յայտնեց, որ կը կազմակերպուի «ինչո՞ւ չէ, համաժողով մը Փարիզի մէջ»։ Ուքրաինայի պատերազմը պէտք չէ մեզի մոռցնէ Ղարաբաղը, աւելցուց Փեքրէս։ Ան նաեւ անդրադառնալով Փարիզի եւ Երեւանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին, նշեց՝ “Հայաստանի դատը, մե՛ր դատն է”, ու խօսեցաւ նաեւ Իլ-տը-Ֆրանսի շրջանին՝ Երեւանի հետ ապագայ ծրագրերուն մասին։ 

Ան իր ելոյթը աւարտեց՝ Ուիլիըմ Սարոյեանի՝ «Բաւարար է, որ երկու Հայ քով-քովի գան՝ նոր Հայաստան մը հիմնելու համար» խօսքին հետեւողութեամբ աւելցնելով՝ “Ժողովուրդ մը, որ հակառակ իր հողերու գրաւումին, ժողովուրդ մը, որ հակառակ իր կրած չարչարանքներուն՝ յաջողած է յաղթահարել ցեղասպանութիւնը, արժանի է մեր յարգանքին”։ 

Հուսկ, խօսքը տրուեցաւ Անն Հիտալկոյին, որ նախ յիշեցուց իր «հաւատարմութիւնը, բարեկամութիւնն ու զօրակցութիւնը» հայ ժողովուրդին, աւելցնելով որ՝ բարեկամութիւնը պէտք չէ ըլլայ սոսկ բառ մը, այլ՝ պէտք է արտայայտուի ամէնօրեայ փաստերով, “որոնցմէ մէկն է այս խորհրդանշական վայրը”,– ըսաւ ան։

Փարիզի քաղաքապետուհին շեշտը դրաւ յա՛տկապէս ժխտողականութեան անտանելի հետեւանքներուն վրայ ու պնդեց, որ անհրաժեշտ է զայն պատժող օրէնք մը հաստատել, ինչպէս նաեւ հարկ է աջակցիլ Թուրքիոյ մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար պայքարող մտաւորականներուն ու ընտրեալներուն։ Հիտալկօ յայտնեց այն համոզումը, որ նման օրէնք մը պիտի տկարացանէ այն իշխանութիւնը, որ սպառնաց եւ դեռ այսօր ալ կը շարունակէ սպառնալ Հայաստանին ու Արցախին։ 

Ան դատապարտեց Ազերպայճանը, որ Թուրքիոյ անմիջական զօրակցութեամբ պատերազմ սանձազերծեց Արցախի դէմ։ Աւելցուց, որ այդ պատերազմը կը շարունակուի անձայն-անշշուկ, քանի որ Ազերպայճան յարատեւօրէն կը փորձէ հայկական նորանոր հողեր կորզել, վտանգի ենթարկելով Հայաստանը, ատով նաեւ՝ «մեր ազատութիւնն ու մեր ժողովրդավարութիւնը Եւրոպայի մէջ»։ “Հետեւաբար,– ըսաւ ան,– Եւրոպայի ճակատագիրը կը վճռուի նաեւ Հայաստանի ու Արցախի մէջ”։

Հիտալկօ եւս անդրադարձաւ այն ծրագրերուն, որոնք կը վերաբերին հայութեան եւ որոնք ի մօտոյ կեանքի պիտի կոչուին իր գլխաւորած քաղաքապետութեան կողմէ։ Յայտարարելէ ետք, թէ ի մօտոյ Հայաստան ու Արցախ պիտի այցելէ, ըսաւ. “Ձեզի հետ ենք եւ կը ճանչնանք այս ողբերգութիւնը”. խոստացաւ որ Փարիզ քաղաքը աչալուրջ պիտի մնայ իւրաքանչիւր զարգացումի, որ անտարբերութեան պայմաններու մէջ կրնայ առաջնորդել լուրջ հետեւանքներու։ 

“Ձեր պայքարը, մե՛ր պայքարն է”,– եզրափակեց Փարիզի քաղաքապետուհին։

Հաւաքին յաջորդեց աւանդական երթը, որ այս տարի սովորականէն շատ աւելի կարճ էր, Փարիզի ոստիկանապետին պարտադրած սահմանափակման պատճառաւ։ Ցուցարարները մեկնելով Կոմիտասի արձանէն՝ քալեցին մինչեւ Թրոքատերոյի պարտէզները։ 

Թ.Շ. ■