Աջապահեան սրբազանը՝ դատաւորին. «Այն խուցը ուր զիս բանտարկած էք՝ խոզանոց է, շնանոց. պատիւ կը բերէ՞ պետութեան»

Սեպտեմբեր 2-ին, տեղի ունեցած է Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեանի դատական յաջորդական նիստը։

Փաստաբանները կը պահանջէին փոխել սրբազանին բանտարկութեան միջոցը եւ զայն ազատ արձակել։ Սակայն, դատաւոր  Արմինէ Մելիքսեթեան Սրբազանին բանտարկութիւնը ամիս մը եւս երկարաձգելու վճիռ արձակած է։

“Ես ազատ եմ, ազատութիւն չեմ խնդրեր։ Այն խուցը ուր զիս բանտարկած էք՝ խոզանոց է, շնանոց. պատիւ կը բերէ՞ պետութեան”,– դատաւորին ուղղելով իր խօսքը յայտարարած է Սրբազան հայրը։