Ատրպատականի ազգային առաջնորդարանը կը տեղեկացնէ, թէ Յունուար 25-ին, Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեան «Համաշխարհային քրիստոնէութիւնը» ընդհանուր խորագիրը կրող դասընթացքի գլխաւոր դասախօսն էր, «Քրիստոնէութեան վկայութիւնը Արեւելքի մէջ եւ Հայ եկեղեցին Իրանի մէջ» նիւթով, Գերմանիոյ Պոխում քաղաքի համալսարանի Աւետարանական աստուածաբանութեան բաժանմունքի ուսանողներուն:
Առցանց կազմակերպուած դասախօսութիւնը Ատրպատականէն Պոխում իրականացած է վերոնշեալ Աստուածաբանական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Քլաուտիա Ռամմելթի միջոցով, մասնակցութեամբ նոյն բաժանմունքի դասախօսներուն եւ մօտաւորապէս 20 ուսանող-ուսանողուհիներու։
Շուրջ երկու ժամ տեւած՝ անգլերէնով դասախօսութեան առաջին մէկ ժամուան ընթացքին, Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդը ընդհանուր ակնարկ կատարած է քրիստոնէութեան ներկայութեան մասին անոր բնօրրանին՝ Արեւելքի մէջ: Ապա յատկապէս անդրադարձած է Իրանի մէջ Հայութեան դարաւոր ներկայութեան, անոր անձնական իրաւունքներուն, Իսլամական հանրապետութեան պայմաններուն մէջ վայելած առանձնաշնորհումներուն եւ եկեղեցական ու ազգային կեանքի հեզասահ կառավարման կարգին:
Սրբազան հայրը դասախօսութեան յատկացուած ժամանակին երկրորդ մասով, դարձեալ մէկ ժամուան տեւողութեամբ, պատասխանած է բոլորին հարցումներուն, որոնք լուսաբանիչ պատասխաններ կը խնդրէին շարք մը խնդրայարոյց դէպքերու համար: Այս առնչութեամբ, Սրբազան հայրը քրիստոնեայ եւ իսլամ երկխօսութեան միջոցով իրականացուող գործակցութեան բարեյոյս մթնոլորտին ակնարկած է, որ իւրայատուկ է Իրանի մէջ ապրող բոլոր փոքրամասնութիւններուն համար: “Իրանի մէջ դարաւոր ներկայութիւն ունեցող հայ քրիստոնէութեան բոլոր իրաւունքներու անխախտ պահպանումը իսլամական յեղափոխութենէն վերջ, ինքնին Իրանի լայնախոհութեան եւ համակեցութեան դրսեւորումներէն է”,– յայտնած է Սրբազան հայրը, աւելցնելով որ՝ “Քրիստոնեայ կամ մահմետական նահատակներուն նկատմամբ անխտրական յարգանքն ու անոնց ընտանիքներուն հանդէպ հոգածութիւնը նոյնպէս, այս երկրի բարձր սկզբունքներէն մէկն է”:
Դասախօսութեան յաջորդող զրոյցի եւ հարցում-պատասխանի ընթացքին առիթ եղած է նաեւ մասնաւոր կերպով անդրադառնալու Ատրպատականի Հայոց թեմի պատմական վանքերուն ու յուշարձաններուն: Սրբազան հայրը հակիրճ ներկայացուցած է, այս նիւթին շուրջ իր հեղինակած «Ուղեւորութիւն Ատրպատականի Հայոց թեմում» գիտական մատենաշարի առաջին երկու հատորներու ամփոփումը, յոյս յայտնելով, որ բախտաւոր օր մը, Պոխումի համալսարանի աստուածաբանութեան ուսանողութիւնը առիթը պիտի ունենայ այցելելու Ատրպատականի սրբավայրերը եւ անձնական վկայութեամբ հաստատելու, առաջին դարէն քրիստոնէութեան գործօն ներկայութիւնը այս տարածաշրջանին մէջ:
Աւարտին, լսարանավարութիւնը ստանձնած դոկտ. Ռամմելթ շնորհակալութիւն յայտնած է Սրբազան հօր, շահեկան դասախօսութեան համար, յոյս յայտնելով, որ նման դասախօսական ծրագրեր շարունակական ըլլան, աւելի ծանօթանալու համար Իրանի մէջ ապրող փոքրամասնութիւններուն եւ յատկապէս հայ համայնքի կեանքին: